ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ան Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մու­շի հետ։ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դե­ցին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի շփում­նե­րուն շուրջ։ Այս­պէս, ան Ան­գա­րա­յի մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է նաեւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ դէմ­քե­րու հետ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ըն­դու­նուած է Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի նա­խա­գահ Զիւհ­տիւ Արս­լա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի, Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Րէ­ճէպ Աք­տա­ղի, ինչ­պէս նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մի կող­մէ։ Հան­դի­պում­նե­րը ան­ցած են ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ ու քննարկ­ման նիւթ դար­ձած են Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Զրոյց­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ չէ հա­ղոր­դուած այլ ո­րե­ւէ ման­րա­մաս­նու­թիւն։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին ըն­կե­րա­ցան Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի փոխ-ա­տե­նա­պետ Կա­րէն Ա­նան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան եւ ան­գա­րաբ­նակ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ազ­գա­յին Ժե­րար Փա­նո­սօղ­լու։

Նոյն ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ պա­տա­րա­գեց Սրբու­հի Թե­րե­զա ֆրան­սա­կան մատ­րան մէջ, ուր խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան եւ Գա­րե­գին Կսսրկ. Պար­սա­մեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ոս­կե­բե­րան երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Զա­ւէն Ա­կա­յի։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մայ­րա­քա­ղա­քաբ­նակ հա­յեր եւ այլ քրիս­տո­նեա­ներ՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նա­լով մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­լու։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2017