ՁԵԶՄԷ Ի՞ՆՉ ՏԱՆԻՄ ՊԷՅՐՈՒԹ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան վերջերս այցելեց Պոլիս։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հետ ան Պոլիս եկած էր՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով։ Պէյրութ վերադարձին Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան սրտախօսիկ ոճով ամփոփ տպաւորութիւններ գրի առած է՝ Իսթանպուլի մէջ կեցութեան օրերուն ու մանաւանդ մեր համայնքի հետ մշակած շփումներուն լոյսին տակ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յօդուածը։

*

Մի քանի օր առաջ Պոլիս, իր թաղերը, քիչ մը իր անցեալը եւ քիչ մըն ալ պոլսահայերուն քով թափառեցայ:

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով Պոլիս կը գտնուէի՝ ներկայացնելու Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, խօսելու անոր գործունէութեան մասին: Առիթ էր նաեւ, որ բանախօսութեամբ մը ընեմ Լիբանանի հայօճախին վերջին հարիւրամեակի համառօտակի պատումը:

Հիմնարկը հրաւիրած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի տնօրէն Պրն. Տիգրան Զարգարեանը՝ ներկայացնելու Գրադարանին հարստութիւնը, լուսարձակի տակ առնելու Գրադարանի պաշտօնէութեան կատարած անմիջական ու հեռահար ազդեցութիւն եւ նպաստ ունեցող թուայնացման, մէկտեղման, ցանցաւորման աշխատանքները: (Փակագիծի մէջ ըսեմ, թէ ինծի կը թուի, որ վերջին 25 տարիներու հայկական իրականութեան մէջ ամենէն ռազմավարական, յաջողապէս շարունակուող, ապագայի հաւատալից տեսիլքով, անվհատ, ստեղծագործական եւ վարակիչ հետեւողականութեամբ կատարուող իրագործումներէն մին է հայ գիրքի ու մամուլի թուայնացման այն իմաստնագոյն աշխատանքը, զոր շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր անխոնջ թափով յառաջ կը տանի Ազգային գրադարանին պաշտօնէութիւնը:)

Չեմ կրնար լռութեամբ անցնիլ այն ուշագրաւ իրողութենէն, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած վերոյիշեալ երկու բանախօսութիւններուն ալ սրահակը լեցուն էր մանաւանդ երիտասարդներով: Ներկաներուն միջին տարիքը 40-ի շուրջ կը դառնար:

Ինծի ծերունազարդ Պոլիսը երիտասարդ թուեցաւ:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւն առաջին այցելութիւնս էր ասիկա. կը փափաքէի շատ բան չտեսնել, որպէսզի կարենամ ողջմտօրէն, դանդաղ մարսել տեսածներս, լսածներս եւ անոնց յառաջացուցած տպաւորութիւններն ու մտածումները:

Գացինք Պալեաններուն կառուցած Տոլմա Պահչէի պալատն ու համալիրը, Պատրիարքարանը, Գոց շուկան, գորգերու թանգարան մը, շրջեցանք կարգ մը տեղեր, Շիշլիի գերեզմանատունը, հրաւիրուեցանք Արտաշէս Մարկոսեան եւ Սիլվա Գույումճեան ամոլին բնակարանը, ուրիշ տեղեր, «Արաս» հրատարակչատուն, ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» թերթերու խմբագրատուները եւ շփուեցանք բաւական թիւով պոլսահայերու հետ:

Ինծի համար, սակայն, գերագոյն տպաւորութիւն գործեց Կեդրոնական դպրոցը: Պարտականութիւն ստանձնեցի բան փոխանցել իրենցմէ՝ լիբանանահայ աշակերտութեան, ու այս գրութեանս գլխաւոր պատճառը այդ փոխանցումը հրապարակաւ կատարելն է:

Կեդրոնականի տնօրէնուհին՝ նախատեղեակ մեր գալուն, սրահ հրաւիրեր էր դպրոցի վերին կարգերու աշակերտները, որոնց միացեր էին զուգադիպաբար հոն գտնուող Գարակէօզեան դպրոցի աշակերտները:

Պրն. Զարգարեանն ու ես դէմ յանդիման եկանք հայու աչքերու, ժպտուն դէմքերու, խայտացող պատանի հոգիներու, իրենց անցեալը շնչող եւ այսօրը ապրող պարման-պարմանուհիներու:

Քիչ մը պատմեցի մեզմէ՝ Պէյրութի հայութենէն, Հայկազեան համալսարանէն: Հարցումներ ուղղեցին... յետոյ՝ հարցուցի. «Զեզմէ ի՞նչ տանիմ Լիբանանի ձեր տարեկից հայ քոյր-եղբայրներուն»:

Հասկցան հարցումս: Լռեցին: Չնաշխարհիկ մէկը չէի իրենց համար. դպրոցը եւ աշակերտութիւնը յաճախ ընդուներ էր պէյրութահայ հիւրեր: Դանդաղեցան քիչ մը:

Առաջին պատանին որ ձեռք վերցուց՝ ըսաւ. «ջանք»: Երկրորդ մը առաջարկեց, որ «բարեւ» տանիմ, յաջորդը ըսաւ՝ «լեզու»: Չորրորդը ըսաւ՝ «շնորհակալութիւն, որ հայկական համալսարան ունիք»...: Խօսակացութիւնը զարգացաւ, աճեցաւ: Նկատեցի, որ այս պատանիները քօղարկուած պայքար մը, ջանքեր ունին՝ լեզուն պահելու, յաջող մարդ ու հայեր ըլլալու, կարօտցած են իրենց հայ քոյր-եղբայրները Լիբանանի (եւ ընդհանրապէս), զանոնք կը նկատեն իրենց հարազատները (այլ խօսքով՝ իրենց ենթագիտակիցին մէջ ամուր է զգացումը պատկանելիութեան, ազգի մը մէկ մասը ըլլալու...): Յետոյ հարցուցին Հայկազեան համալսարան յաճախելու մասին...: Այն տպաւորութիւնն ունեցայ, որ իրենց համար Լիբանանն ու լիբանահայութիւնը շօշափելի իրականութիւններ էին: Կը թուի սակայն, որ երկուստեք այս գոյութենական իրողութիւնները պէտք է եւ կարելի է աւելի շօշափելի դարձնել: Թերեւս պէտք է մտածել Սփիւռքի հայ դպրոցներու աշակերտութեան համացանցային ուռկան մը յառաջացնել, ուռկանի այդ թելերը՝ աստեղային այդ կամուրջները կրնան ծիր կաթիններ ըլլալ եւ հայկական աննախադէպօրէն խորացած այս ցրուածութիւնը, արհեստագիտական նորագոյն միջոցներով աննախընթացօրէն առընչել, շաղկապել իրարու եւ յառաջացնել համահայկական դպրոցական աշակերտական ցանց մը, որ կրնայ խտանալ՝ մաղի խտութեամբ...:

Ինծի կը թուի, թէ աշակերտները բառ-գաղափարով պատասխանեցին հարցումիս երկու պատճառով. նախ այն, որ վստահ չըլլալով հայերէնի իրենց գիտելիքներուն վրայ՝ խուսափեցան նախադասութիւն արտասանելէ: Հաւանաբար կար նաեւ միւս պատճառը, թէ՝ անոնք կրողներն էին գաղափարներու, որոնք խտացուած էին մէյմէկ բառերու մէջ:

Ինչեւէ:

Թերեւս տնօրէնուհին յստակացուցած էր նախապէս՝ թէ որքան պէտք էր տեւէր այս հանդիպումը, բայց ես տարուած էի ինծի համար ներկայ շօշափելիութեամբ անծանօթ-սակայն անցեալի պատմութեամբ եւ անուններով ծանօթ միջավայրով: Կը քալէի աստիճաններէն դպրոցի մը, որ 1885-էն ի վեր բաներ ու արտադրեր էր մեծեր՝ Դանիէլ Վարուժան եւ ուրիշներ: Հետեւաբար, յստակ չէր ինծի, որ այս աշակերտ-հին հարազատ հանդիպումը, զգացական տարերային կարօտալի օրօրոցումը մինչեւ երբ կրնայինք շարունակել: Յետոյ Վահագնը, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի այս ծրագրի համակարգողը, առաջարկեց, որ խմբանկար մը առնենք: Տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ եւ աշակերտութիւն նկարուեցանք ու աւարտեցաւ պաշտօնական բաժինը հանդիպումին, աշակերտները անցան իրենց դասարանները: Անոնցմէ մին, սակայն, մօտեցաւ եւ ըսաւ ինծի. «Գիտէ՞ք, ի՞նչ տարէք...,- ու շարունակեց,- մենք հոս ենք...»: Աւելի՛ն. չէի կրնար լսել, ստիպուած էի դէմքս շրջել ու աչքերս փախցնել այդ տղայէն, մինչ միտքս ինքնամփոփուեցաւ...

Հիմա միտքով իրենց հետ եմ ու աշակերտներուն, այդ տղուն, անոնց աչքերով հաղորդածը, զգացումներով ելեկտրականացուցածը, ըսածն ու չըսածը կը փոխանցեմ ոչ միայն լիբանահայ աշակերտին, այլեւ բոլորիս:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018