RFI-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը կը շարունակէ արձագանգ ստեղծել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Ի շարունակութիւն թրքական լրասփիւռներու վերջին օրերու հաղորդումներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը կ՚արժանանայ նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան։

Երէկ, խմբագրատունս այցելեց Ֆրանսական միջազգային ռատիօկայանի (RFI) աշխատակիցը։ Այսպէս, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Անն Անտլուայէն, որ Իսթանպուլի մէջ RFI-ի երկու ներկայացուցիչներէն մին է։

Ֆրանսացի թղթակիցը խմբագրատանս մէջ հարցազրոյցներ կատարեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Ան թերթիս պատմութեան եւ առաքելութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններով հետաքրքրուեցաւ բազմակողմանիօրէն։ Հարցազրոյցներու ընթացքին շօշափուեցան նաեւ այլ բազմաթիւ նիւթեր. օրինակ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները, հայկական հարցի վերաբերեալ հրապարակումները, թրքահայ համայնքային կեանքը, Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ այլն։ Այս նիւթերուն շուրջ մանրամասնութիւններ քաղելու առընթեր RFI-ի ներկայացուցիչը ձայնագրութիւններ կատարեց խմբագրատանս աշխատանքային մթնոլորտէն եւ մանաւանդ հայերէնով ընթերցումներէն։ Յատկանշական էր, որ իր ձայնագրութիւններուն ժամանակ հնչեցին նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ զանգերը, որոնք ալ լսելի դարձան՝ քանի որ խմբագրատունս կը գտնուի հարեւանութեամբ։

Խմբագրատունէս հրաժեշտ առնելէ վերջ ֆրանսացի լրագրողը այցելեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի տպարանը, ուր եւս կատարուեցան ձայնագրութիւններ՝ տպագրութեան սարքի աշխատած պահերէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018