«ԿԱՄՔ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ՍԷՐ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

«Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրով մէկ հարթակի մէջ կը ներկայացուին անուանի հայ արուեստագէտներու բացառիկ գործերը։ Այսպէս, Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Յակոբ Կիւրճեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Սերկէյ Փարաճանովի եւ խումբ մը այլ անուանի հայ արուեստագէտներու աշխատանքներ, որոնց մէջ կը պատկերուի Յիսուս Քրիստոսի կերպարը, կը ներկայացուին «Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրով ցուցահանդէսով:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ յունուարի 19-ին, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան առաջին յարկի ցուցասրահին մէջ:

Արդի հայ արուեստագէտներու աշխատանքներու զուգահեռ, կը ցուցադրուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Սերկէյ Փարաճանովի թանգարաններէն ընդգրկուած ստեղծագործութիւններ:

Ցուցահանդէսը կոչուած է վերանայելու մեր ապրած դարաշրջանը՝ հայոց ոգին ամրացնելով «կամքի, սիրոյ եւ իմաստութեան արժէքներով»: Նոյն օրը տեղի կ՚ունենայ նաեւ Սաթենիկ Վարդանեանի «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը 20-րդ դարու եւ արդի հայ արուեստի մէջ» գրքի շնորհանդէսը:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021