ԱՆՇԷՋ ԿԱՐՕՏԸ

Ներկայ շաբթուան սկիզբը կը բնորոշուի նահատակեալ լրագրող, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր հոգելոյս Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցով։ Սա 14-րդ անգամն է, որ ան կը վերյիշուի բիւր յարգանքով։ Հերթական անգամ կը վերակենդանանայ անշէջ կարօտը Հրանդ Տինքի նկատմամբ։

Հրանդ Տինքի ոգեկոչման արարողութիւնները այս տարի նախատեսուած են հեռավար ձեւաչափով։ Վաղը՝ տխրահռչակ 19 յունուարին, ան առցանց հարթակի մը վրայ պիտի ոգեկոչուի իր մահուան 14-րդ տարելիցին առթիւ։ Նկատի ունենալով քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները՝ այս տարի ընդունուած ժամուն միայն Հրանդ Տինքի ընտանիքի ամենամերձաւորները պիտի մէկտեղուին իրեն դէմ ոճրականութեան կատարուած կէտին վրայ։

Մինչ այդ, այս տարի խորհրդանշական նորութիւն մը եղած է Հրանդ Տինքի ոգեկոչումներու ամբողջին մէջ։ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան նախկին շէնքին վրայ այս օրերուն կը ցոլանայ հոգելոյս Հրանդ Տինքի դիմանկարը։ Օսմանպէյի «Սեպաթ» շէնքի այդ նախկին խմբագրատունը այժմ յիշողութեան միջավայրի մը վերածուած է, որովհետեւ հանգուցեալ լրագրողը այդ շէնքի դրան առջեւ իսկ նահատակուած էր՝ իրեն դէմ գործուած աններելի ոճրագործութեան հետեւանքով։ Ուստի, այդ շէնքը Հրանդ Տինքի յիշատակին հետ նոյնացած խորհրդանշական կոթողի մը վերածուած է։ Իբր այդ, իր մահուան տարելիցի այս օրերուն, շէնքի ամբողջ ճակատին վրայ երեկոյեան ժամերուն կը ցոլանայ հոգելոյս Հրանդ Տինքի դիմանկարը։ Իր հայեացքին զուգահեռ կ՚երեւին նաեւ թռչող աղաւնիներ, որոնք նոյնպէս խորհրդանշական իմաստ մը ունին՝ իր կողմէ ստորագրուած կարգ մը վառ յօդուածներու բերումով։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021