ԱՐՑԱԽԻ ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախի ձեռագրական ժառանգութիւնը կը ցուցադրուի Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ։ Այսպէս, Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը կը պատրաստուի ցուցադրութեան մը։ Յառաջիկայ շաբաթ կը ներկայացուի Արցախի ձեռագրական ժառանգութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցեց Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնի տնօրէն Արամ Թորոսեան։ Ան նշեց, որ կը ներկայացուին Արցախի մէջ գրուած ու այնտեղ պահուող ձեռագրերը, Շուշիի մէջ տպուած գիրքերը, արխիւային փաստաթուղթեր, կաթողիկոսական գրութիւններ եւ այլն: Ընդհանուրը շուրջ 80 տասնեակի հասնող ցուցանմոյշ: Արամ Թորոսեանի խօսքով, Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի Արցախի մասնաճիւղէն ներս 2015 թուականէն ի վեր կը ցուցադրուէին աւելի քան հարիւր ձեռագիր մատեաններ, որոնք գրչագրուած, նկարազարդուած են Արցախի մէջ: Ներկայացուած էին նաեւ ձեռագրեր, որոնք գրուած են պատմական Հայաստանի այլ նահանգներու մէջ: Արցախը յայտնի էր ոչ միայն որպէս ձեռագրաստեղծման, այլեւ՝ ձեռագրերու պահպանութեան վայր:

«Պատերազմի օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհ ականատես եղաւ, թէ ինչպէս Ատրպէյճան կը խոցէ մշակութային հաստատութիւնները, օրինակ՝ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, Մատենադարան-Գանձասար մշակութային կեդրոնը կազմակերպեց ցուցադրուող գանձերու տարհանումը Արցախէն: Մենք զանոնք տեղափոխեցինք Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարան: Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ ամէն պարագայի՝ ժամանակաւոր: Մենք զանոնք անպայման պիտի վերադարձնենք Արցախ, եւ ցուցադրութիւնը դարձեալ ըլլալու է Գանձասարի մէջ: Մինչ այդ, տնօրէնութիւնը որոշեց Արցախի գանձերը ցուցադրել Երեւանի Մատենադարանին մէջ: Մօտ օրերս ցուցադրութիւնը կը բացուի: Այս ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ այնքան ժամանակ, երբ որոշենք զանոնք վերադարձնել Արցախ, հաւանաբար տարուայ կէսին: Թէպէտ յստակ չէ, պէտք է ճշդել շարք մը թեքնիքական, անվտանգութեան հարցեր, որմէ վերջ ցուցադրութիւնը կը վերադարձուի Արցախ: Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնը իր գործունէութիւնը պէտք է շարունակէ: Մինչ այդ շեշտեմ, որ շէնքը չէր վնասուած, աշխատակիցները կը ներկայանան աշխատանքի, այնտեղ գործունէութիւնը կը շարունակուի, պետական պահպանութեան ծառայութիւնը հսկողութիւն կը սահմանէ», ըսաւ Արամ Թորոսեան:

Մատենադարանը հանդէս կու գայ այլ ծրագրով մը եւս՝ նախատեսուած արցախցի երեխաներու համար: «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը եւ «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամը կը ձեռնարկեն մանրանկարչութեան դասընթաց մը՝ արցախցի երեխաներու համար: Փափաքողներ կրնան դիմել մինչեւ փետրուարի 1-ը:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021