ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ռուսաստան դիտարկման համատեղ կեդրոնի մօտալուտ գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, ռուս-թրքական այդ համատեղ ռազմական կեդրոնը պիտի ստեղծուի Աղտամի մէջ։ Բոլոր կողմերու հաղորդումները կը վկայեն, որ համատեղ կեդրոնի գործունէութիւնը մօտաւոր ապագային պիտի սկսի։ Շաբաթավերջի հեռախօսազրոյցին ժամանակ Էրտողան եւ Ալիեւ ընդգծեցին, որ կեդրոնի աշխատանքը պիտի ծառայէ երկարատեւ խաղաղութեան պահպանման գործին։ Ալիեւ Էրտողանին տեղեկացուց վերակառուցման աշխատանքներու մասին, որոնք կ՚իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա ապագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին։

Արտագին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ վերջին օրերուն տեղեկացուցած էր, որ ռուս-թրքական այդ համատեղ կեդրոնէն ներս պիտի ծառայեն երկու կողմերէն 60-ական զինուորականներ։

Միւս կողմէ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը պատրաստուին Կարսի մէջ համատեղ զօրավարժութիւններ իրականացնել։ 1-12 փետրուարին նախատեսուած են այդ համատեղ ռազմափորձերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Կարսի մէջ՝ Հայաստանի սահմանի հարեւանութեամբ։ Ատրպէյճանի զինուորականներու մասնակցութեամբ նախատեսուած զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի փորձարկուին նոր սպառազինութիւններ։ 

Հարկ է յիշեցնել, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան վերջին անգամ համատեղ զօրավարժութիւններ իրականացուցած էին անցեալ յուլիսին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին սկսած բախումներէն մի քանի շաբաթ վերջ։ Լայնածաւալ այդ ռազմափորձերը կատարուած էին երկու երկիրներու ամբողջ տարածքին մէջ՝ ներառեալ Նախիջեւանը, Պաքուն եւ Կենճէն։ Անոնց մասնակցած էին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ինչպէս ցամաքային, այնպէս ալ ռազմաօդային ուժերու ստորաբաժանումները։ Զանազան աղբիւրներու պնդումներով՝ այդ զօրավարժութիւններէն վերջ Թուրքիա Ատրպէյճանի մէջ թողած էր իր սպառազինութեան եւ խմբաւորումներու զգալի մասը՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին ժամանակ համակարգման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով։ 

Կարսի մէջ յառաջիկային նախատեսուած փորձերուն ժամանակ յատկապէս պիտի փորձարկուին հրասայլեր։ Հրասայլային ստորաբաժանումներու առընթեր, ռազմափորձերուն մասնակցութիւն պիտի բերեն դիպուկահարներու խումբեր, յատուկ նշանակութեամբ ուժերու հրամանատարական անձնակազմ, յատուկ նշանակութեամբ ջոկատայիններ եւ ուղղաթիռներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, մօտալուտ ռազմափորձերու նպատակն է համատեղ գործողութիւններու իրականացման ժամանակ ապահովել համագործակցութիւնը եւ համակարգումը, իրականացնել նոր սպառազինութիւններու դաշտային փորձարկումներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021