Ան­ցեալ Տա­րին Ա­մԵ­նէն Տաքն Էր Ամ­բողջ Պատ­մու­թեան Մէջ­

ԹԱՍՍ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ան­ցեալ տա­րուան ա­ռա­ջին տասնմէկ ա­միս­նե­րը ե­ղա­նա­կի եւ կլի­մա­յա­կան դի­տար­կում­նե­րու ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­մե­նէն տաքն էին: Ըստ օդերե­ւու­թաբաններու դի­տար­կում­նե­րուն, մէկ կողմ դնե­լով դեկ­տեմ­բեր ա­մի­սը, մաս­նա­գէտ­նե­րը յան­գած են այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ ամ­բողջ 2016 թուա­կա­նը պի­տի դառ­նայ ար­տա­սո­վոր բարձր ջեր­մաս­տի­ճա­նի մրցա­նա­կա­կի­րը: Հա­մաշ­խար­հա­յին օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նա­կա­յա­նը խոս­տա­ցած է, որ 2017 թուա­կա­նի սկիզ­բը ար­դէն իսկ ամ­փո­փած կ՚ըլ­լայ ան­ցեալ տա­րուան տասներկու ամ­սուան ար­դիւնք­նե­րը:

«Տասնմէկ ամ­սուան տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, 2016 թուա­կա­նը ա­մե­նէն տա­քը նկա­տուե­լու սե­մին է, իսկ ա­նոր մի­ջին ջեր­նաս­տի­ճա­նը կրնայ գե­րա­զան­ցել 2015 թուա­կա­նի մրցա­նի­շը», պար­զա­բա­նած է Հա­մաշ­խար­հա­յին օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

Յու­նուա­րէն Նո­յեմ­բեր եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ջեր­մա­չա­փի սիւ­նը Երկ­րի վրայ Սել­սիու­սի 0.94 աս­տի­ճա­նով բարձ­րա­ցած է 20-րդ դա­րու մի­ջին ցու­ցա­նիշ­նե­րէն (14 աս­տի­ճան) եւ 0.07 աս­տի­ճա­նով ա­ւե­լի բարձր է, քան՝ մրցան­շա­յին 2015 թուա­կա­նը:

Ըստ Հա­մաշ­խար­հա­յին օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կան­խա­տե­սում­նե­րուն, ան­ցեալ տա­րուան մի­ջին ջեր­մաս­տի­ճա­նը Սել­սիու­սի 1.2 աս­տի­ճա­նով ա­ւե­լի բարձր էր, քան՝  մինչ ճար­տա­րա­րուես­տա­կան դա­րաշր­ջա­նի ցու­ցա­նիշ­նե­րը:

Միւս կող­մէ, 2014 թուա­կա­նը Եր­կիր մո­լո­րա­կի կլի­մա­յա­կան փո­փո­խու­թեան հիմ­նա­կան ցու­ցա­նիշ­նե­րը՝ հո­ղի եւ Ով­կիա­նո­սի ջեր­մաս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցու­մը, ծո­վու մա­կար­դա­կի եւ ջեր­մո­ցա­յին կա­զե­րու ծա­ւալ­նե­րու ա­ճը, շա­րու­նա­կե­ցին մատ­նան­շել Եր­կիր մո­լո­րա­կի տաք­նա­լը: Նման վկա­յու­թիւն­ներ ամ­փո­փուած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու օ­դե­րե­ւու­թա­բա­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան «2014-ի կլի­մա­յի վի­ճա­կը» տա­րե­կան զե­կու­ցու­մին մէջ: Տա­րե­կան ամ­փոփ զե­կու­ցու­մին մէջ տեղ գտած տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, 2014 թուա­կա­նին շա­րու­նա­կուած է ջեր­մո­ցա­յին կա­զե­րու ծա­ւալ­նե­րու ա­ճը՝ գե­րա­զան­ցե­լով 1990-ին ո­րո­շուած ա­ռա­ւե­լա­գոյն ծա­ւա­լը, շուրջ քսան եր­կիր­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րուած է յա­ւե­լեալ տաք տա­րի, ինչ որ գե­րա­զան­ցա­պէս զգա­ցուած է հա­րա­ւա­յին կի­սա­գուն­դին մէջ: Ծո­վու մա­կե­րե­սի ջեր­մաս­տի­ճա­նը նոր մրցա­նիշ­ներ ար­ձա­նագ­րած է, ինչ որ ա­ռա­ւե­լա­պէս զգա­ցուած է Խա­ղա­ղա­կան ով­կիա­նո­սի հա­րա­ւա­յին հա­տուա­ծին մէջ, իսկ ծո­վուն մա­կար­դա­կը շա­րու­նա­կած էր բարձ­րա­նալ՝ տա­րե­կան ա­ւել­նա­լով 3.2 մմ.: Իսկ Հիւ­սի­սա­յին բե­ւե­ռի սա­ռոյց­նե­րու հալ­քը 1998-2010 թուա­կան­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տած սկսած էր քսան-երեսուն օր ա­ւե­լի կա­նուխ:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017