Հայաստանի Մէջ ԿԸ ՍՏԵՂԾՈՒԻ Ելեկտրոնային Բժշկական Գրադարան

Ա­պա­գայ բժիշկ­նե­րը շու­տով հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան օգ­տուե­լու ե­լեկտ­րո­նա­յին բժշկա­կան գրա­դա­րա­նէն: Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին եւ Մխի­թար Հե­րա­ցիի ա­նուան Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան խոր­հուր­դին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ կը ստեղ­ծուի ե­լեկտ­րո­նա­յին բժշկա­կան գրա­դա­րան:

Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու ծա­ռա­յու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ծրա­գի­րին ծի­րէն ներս կը ստեղ­ծուի ե­ռա­բա­ղադ­րեալ ե­լեկտ­րո­նա­յին կայք: Ա­նի­կա պի­տի ու­նե­նայ ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­դա­րան, յա­տուկ բա­ժին­նե­րու մէջ նե­րա­ռուած պի­տի ըլ­լան փորձ­նա­կան նիւ­թեր եւ տե­սա­նիւ­թեր: Իւ­րա­քան­չիւր ու­սա­նող եւ դար­մա­նա­տան ու­սա­նող՝ իր ու­րոյն մուտ­քի ծած­կա­գի­րով՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ մուտք գոր­ծե­լու նշուած թուա­յին հար­թակ եւ ըստ ու­սում­նա­կան տա­րի­նե­րու՝ հա­մա­պա­տաս­խան գրա­կա­նու­թիւն ստա­նա­լու:

«Ե­լեկտ­րո­նա­յին բժշկա­կան գրա­դա­րան»ին մէջ նե­րա­ռուած ու­սում­նա­կան փոր­ձար­կում­նե­րուն մի­ջո­ցով՝ ու­սա­նող­նե­րը պի­տի ստու­գեն եւ ամ­րապն­դեն ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը: Կայ­քը պի­տի ու­նե­նայ նաեւ տե­սա­դա­սըն­թաց­քի բա­ժին, ուր զե­տե­ղուած պի­տի ըլ­լան օ­րի­նա­կե­լի դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տան ո­րե­ւէ պա­հու վեր­յի­շե­լու անհ­րա­ժեշտ նիւ­թը:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017