Հայաստանի Մէջ Կրթութեան Որակի Շաբաթ

Մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան Ո­րա­կի ա­պա­հով­ման ազ­գա­յին կեդ­րո­նը (ՈԱԱԿ) Փետրուար 20-24 թուա­կան­նե­րը կը յայ­տա­րա­րէ կրթու­թեան ո­րա­կի շա­բաթ:

Ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուող ո­րա­կի շա­բա­թուան նպա­տակն է թէ՛ կրթու­թեան ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, թէ՛ ղե­կա­վար օ­ղակ­նե­րու եւ թէ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րել կրթու­թեան ո­րա­կի ա­պա­հով­ման վրայ՝ քննար­կե­լու առ­կայ խնդիր­նե­րը, կի­սուե­լու լա­ւա­գոյն փոր­ձով եւ ձե­ւա­ւո­րե­լու ա­պա­գա­յի ընդ­հա­նուր տես­լա­կան:

Յա­ռա­ջի­կայ ո­րա­կի շա­բա­թուան ըն­թաց­քին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան աշ­խա­տա­ժո­ղով­ներ նուի­րուած՝ ու­սա­նող­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ դա­սա­խօս­նե­րու, մաս­նա­գի­տու­թեան կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ ո­րա­կա­ւո­րում­նե­րու ազ­գա­յին շրջա­նա­կի հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն, իսկ շա­բա­թը պի­տի ամ­փո­փ-ւի եր­կօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վով, ո­րուն թե­ման պի­տի ըլ­լայ գնա­հատ­ման հա­մա­կար­գե­րու բա­րե­լա­ւու­մը:

Ո­րա­կի շա­բա­թը պի­տի մեկ­նար­կէ Փետրուա­րի 20-ին՝ ու­սա­նող­նե­րուն նուի­րուած աշ­խա­տա­ժո­ղո­վով:

Ձեռ­նար­կին պի­տի մաս­նակ­ցին ու­սա­նող­ներ, դա­սա­խօս­ներ, ո­րա­կի ա­պա­հով­ման պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, կրթու­թեան կա­ռա­վա­րիչ­ներ եւ ո­լոր­տի այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Աշ­խա­տա­ժո­ղո­վը պի­տի դառ­նայ քննարկ­ման հար­թակ՝ բարձ­րա­ձայ­նուած խնդիր­նե­րու էու­թիւ­նը հասկ­նա­լու եւ լուծ­ման ըն­դու­նե­լի  եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ու­ղի­ներ ո­րո­նե­լու հա­մար:

Աշ­խա­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին պի­տի քըն-նար­կուին հե­տե­ւեալ թե­մա­նե­րը՝ հա­մալ­սա­րա­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը բո­լոր ու­սա­նող­նե­րուն՝ ան­կախ ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թե­նէ. աշ­խա­տա­շու­կա­յի պա­հանջ­նե­րը եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը ա­նոնց. մա­գիստ­րո­սա­կան կրթու­թեան բա­ցե­րը. մա­գիստ­րո­սը իբ­րեւ հե­տա­զօ­տող մաս­նա­գէտ եւ աշ­խա­տուժ. հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթու­թիւն. ին­չո՞ւ հա­մար կը վճա­րէ ու­սա­նո­ղը:

ՈԱԱԿ-ը, կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լով  դա­սա­խօս­նե­րու դե­րը ո­րա­կի ա­պա­հո­վու­մը լսա­րան հասց­նե­լու գոր­ծին մէջ, Փետ­րուա­րի 21-ի աշ­խա­տա­ժո­ղո­վը պի­տի նուի­րէ ե­րի­տա­սարդ դա­սա­խօս­նե­րու խնդիր­նե­րու քննարկ­ման:

Ո­րա­կի շա­բա­թուան եր­րորդ օ­րը նուի­րուած պի­տի ըլ­լայ մաս­նա­գի­տու­թեան կրթա­կան ծրագ­րե­րու եւ ո­րա­կա­ւո­րում­նե­րու ազգային շրջա­նա­կի (ՈԱՇ) հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեան:

ՈԱԱԿ-ը ՏԵՄ­ՊՈՒՍ-ի ALIGN ծրագ­րի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Փետ­րուա­րի 22-ին պի­տի կազ­մա­կեր­պէ աշ­խա­տա­ժո­ղով, ուր պի­տի ներ­կա­յա­ցուին ALIGN ծրագ­րի ձեռք­բե­րում­ներն ու առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:

Աշ­խա­տա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­սա­նող­նե­րու, դա­սա­խօս­նե­րու եւ կրթու­թեան կա­ռա­վա­րիչ­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն պի­տի քննար­կուի կրթա­կան ծրագ­րե­րու բա­րե­փոխ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Պի­տի շեշ­տադ­րուի յատ­կա­պէս գնա­հատ­ման բա­րե­լա­ւու­մը իբ­րեւ դա­սա­ւանդ­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան գոր­ծիք: Ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նաեւ Հա­յաս­տա­նի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ուք­րայ­նոյ ծրագ­րի շա­հա­կից հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած մաս­նա­գի­տու­թեան կրթա­կան ծրագ­րե­րու ար­տա­քին գնա­հատ­ման ար­դիւնք­նե­րը, ՈԱՇ-ի եւ վերջ­նար­դիւնք­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­ման լա­ւա­գոյն փոր­ձը,  գոր­ծըն­թա­ցէն քա­ղուած դա­սե­րը:

Աշ­խա­տա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին տե­ղա­ցի ու մի­ջազ­գա­յին փոր­ձա­գէտ­նե­րը, ու­սա­նող­նե­րը եւ ՈԱԱԿ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռա­ջարկ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ազ­գա­յին մա­կար­դա­կով մաս­նա­գի­տու­թեան կրթա­կան ծրագ­րե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մա­սին:

Ո­րա­կի շա­բա­թը պի­տի ամ­փո­փուի «Ո­րա­կը լսա­րա­նին մէջ՝ գնա­հատ­ման հա­մա­կար­գե­րու բա­րե­լա­ւում» թե­մա­յով  եր­կօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վով, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Փետ­րուա­րի 23-24 թուա­կան­նե­րուն:

Տա­րուան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ պի­տի մեկ­նար­կէ հա­շուեքն­նու­թիւն, որ կը մի­տի մաս­նա­գի­տու­թեան կրթա­կան ծրագ­րե­րու բա­րե­փոխ­ման,  գնա­հատ­ման հա­մա­կար­գի բա­րե­լաւ­ման եւ ո­լոր­տի  ընդ­հա­նուր պատ­կե­րի յստա­կեց­ման: Աշ­խա­տա­ժո­ղով­նե­րով անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի նաեւ «Կրթա­կան ծրագ­րե­րու վե­րա­նա­յում՝ գնա­հատ­ման հա­մա­կար­գի բա­րե­լաւ­ման ծի­րէն ներս», «Դա­սա­ւանդ­ման բա­րե­լա­ւում՝ գնա­հատ­ման հա­մա­կար­գե­րու վե­րա­նայ­ման մի­ջո­ցով», «Ու­սա­նո­ղի ա­ռա­ջըն­թա­ցի ծրագ­րա­ւո­րում. գնա­հատ­ման դե­րը» թե­մա­նե­րուն:

Տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շա­հա­կից­նե­րու քննար­կում «Ինչ­պի­սի գնա­հա­տանք կ՚ակն­կա­լէ ու­սա­նո­ղը ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թե­նէն» թե­մա­յով:

Հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ո­լոր­տի հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­նե­րը Մեծն Բրի­տա­նիա­յէն, Իր­լան­տա­յէն, Պել­ժիա­յէն, Զուի­ցե­րիա­յէն եւ Ռու­սաս­տա­նէն պի­տի ներ­կա­յաց­նեն կրթու­թեան ո­րա­կի ա­պա­հով­ման ի­րենց երկ­րի լա­ւա­գոյն փոր­ձը:

Պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նաեւ Ո­րա­կի ա­պա­հով­ման մաս­նա­գէտ­նե­րու եւ ա­ջա­կից­նե­րու ցանց հիմ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րը, պի­տի ազ­դա­րա­րուի ցան­ցի գոր­ծու­նէու­թեան մեկ­նար­կը:

Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին պի­տի ըլ­լան նաեւ ներ­կա­յա­ցում­ներ՝ նուի­րուած կրթու­թեան ո­լոր­տի նո­րա­րա­րու­թեան, դա­սա­ւանդ­ման եւ գնա­հատ­ման նոր ե­ղա­նակ­նե­րու ներդր­ման:

Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017