ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Թուրքիոյ պարագային Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս բուն նպատակն է երաշխաւորել իր սահմանի եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ «Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու քաղաքային միութիւնը կը յարգենք», ըսաւ Հուլուսի Աքար։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հուլուսի Աքար շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 55-րդ անգամ։ Հուլուսի Աքար այս առթիւ որպէս ատենախօս մասնակցեցաւ Սուրիոյ տագնապին ձօնուած ասուլիսի մը, որու միւս ատենախօսներն էին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի, Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պոու Սաապ, Արաբական Միութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Էպու Կայտ եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիյապքով։

Այս ասուլիսի ընթացքին Հուլուսի Աքար ընդգծեց, որ ԵՓԿ սադրանքներ կը կատարէ Թուրքիոյ դէմ եւ Թուրքիոյ նպատակներէն մին է տարածքաշրջանի ահաբեկիչներէն մաքրագործումը, ներառեալ ԵՓԿ-ն։ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստեղծուած է զօրք մը եւ պիտի ջանան նպաստաւոր մթնոլորտ մը ստեղծել, որպէսզի սուրիացիները կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը։

Հուլուսի Աքար ընդգծեց, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ հիմնական առաջնահերթութիւնը անվտանգութիւնն է։ Եփրատի արեւելքին, 440 քիլօմեթր երկարութեամբ անվտանգութեան գօտին պէտք է զտուի ԵՓԿ-ական ահաբեկիչներէն ու վերահսկուի Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ։ Աքարի խօսքով՝ թրքական կողմը կը փափաքի նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ժամ առաջ տեղի ունենան ընտրութիւններ եւ օրինական կառավարութիւն մը ստեղծուի։ Նախարարը ընդգծեց, որ Թուրքիա խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ՝ տարածքաշրջանէ ներս մարդկային նոր տագնապները կանխելու նպատակով։ Ան բացատրեց, որ ԵՓԿ-ի եւ ՓՔՔ-ի միջեւ որեւէ տարբերութիւն գոյութիւն չունի։ «Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներու դէմ մղուած պայքարը կը շփոթուի քիւրտերու հետ յարաբերութիւններով։ Մենք որեւէ խնդիր չունինք քիւրտերու հետ», ըսաւ Հուլուսի Աքար։

Բաց աստի, նախարարը յիշեցուց 1998 թուականին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ստորագրուած Ատանայի արձանագրութիւնը։ Ան շեշտեց, որ այս փաստաթուղթը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարելու։ «Սուրիայէ ներս ահաբեկիչներու դէմ պատերազմիլը շատ նուրբ է։ Բայց եւ այնպէս, երկրի կացութեան բերումով Դամասկոս ահաբեկիչներու դէմ չի կրնար պայքարիլ։ Այս պատճառով այնտեղ ենք։ Ահաբեկիչներու դէմ պայքար կը մղենք», ըսաւ Հուլուսի Աքար։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019