ԿԱՊԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին ունեցան բազմակողմանի շփումներ, որոնք կը ձգտին երկրի կապերու ընդլայնման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու զարգացման։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Միւնիխի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային ծրագրի գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Պիսլիի, Քաթարի Էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի, «Ռաքֆելըր եղբայրներու հիմնադրամ»ի նախագահ Սթեֆան Հայնցի, Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի, Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովի նախագահ դեսպան Վոլֆկանկ Իշինկէրի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի եւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Նենսի Փելոզիի հետ։ Այս վերջին հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան Փելոզին հրաւիրեց այցելել Հայաստան։

Քաթարի էմիրի հետ Արմէն Սարգսեանի զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ զանազան հարցեր։ Երկու ղեկավարները խօսեցան զանազան ոլորտներէ ներս ռազմավարական համագործակցութեան ընդլայնման, սնունդի անվտանգութեան եւ ջրային պաշարներու արդիւնաւէտ կառավարման հարցերու շուրջ։ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ։ Հայաստան կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ որակեալ ջուրի, առողջ սնունդի արտադրութեան ու մատակարարման ուղղութեամբ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Քաթարի էմիրը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն տալ Հայաստան։ Իր կարգին, Քաթարի էմիրն ալ Արմէն Սարգսեանը հրաւիրեց իր երկիրը։

Նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ շաբաթավերջին բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Միւնիխի մէջ։ Այսպէս, Մնացականեան տեսակցեցաւ Ռուանտայի Արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ Սեզիպերայի, Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ապու Ղէյտի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Եան Հեքէրի, Լիխտէյնշթայնի Արտաքին գործոց, մշակոյթի եւ արդարադատութեան նախարար Աուէրլիա Ֆրիքի, Խրուաթիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչինի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աւագ տնօրէն (Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերով) Ֆիոնա Հիլիի, Սուտանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ահմէտ էլ Տիրտիրի, Մալթայի Արտաքին գործոց նախարար Քարմելօ Ափելայի, Յունական Կիպրոսի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Խրիսթոտուլիտէսի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան Միրոսլաւ Լայչաքին ներկայացուց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման հարցին շուրջ հայկական կողմի մօտեցումներն ու սկզբունքային դիրքորոշումը։

Ֆիոնա Հիլի հետ Մնացականեան արծարծեց տարածքաշրջանային եւ միջազգային շարք մը զարգացումներ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ հայ-ամերիկեան գործընկերութեան վերաբերեալ հարցեր՝ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով։

Զօհրապ Մնացականեան Եան Հեքէրին եւս ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումները։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածքաշրջանային հրատապ այլ շարք մը խնդիրներու շուրջ։

Սերկէյ Լաւրովի հետ զրոյցի ժամանակ եւս անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Նախարարները քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր՝ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու լոյսին տակ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ճեւատ Զարիֆ եւս անդրադարձան տարածքաշրջանային եւ միջազգային հարցերու, կանգ առնելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումներուն վրայ։ Անոնք խօսեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Թեհրան կատարելիք այցելութեան շուրջ։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ահմէտ Ապտիւլ Ռէյտ մասնաւորապէս կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ։ Անոնք խօսեցան Սուրիոյ առկայ մարդկային ծանր վիճակին եւ անոր բարելաւման հեռանկարներուն։ Միջազգային եւ տարածքաշրջանային շարք մը հրատապ խնդիրներու առընթեր զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ապագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019