ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ, իսկ Իտլիպի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը միշտ կը համարուի հրատապ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Իրադարձութիւնները ատեն-ատեն անխուսափելի վերիվայրումներու ալ պատճառ կը դառնան Թուրքիա-Ռուսաստան առանցքին վրայ։ Յամենայնդէպս, Անգարա եւ Մոսկուա մշտական կապի մէջ կը մնան Իտլիպի կացութեան համար՝ թէ՛ սեղանի շուրջ եւ թէ դաշտի վրայ։ Անընդհատ շփումներով թրքական եւ ռուսական կողմերը կը ձգտին յաղթահարել առկայ խոչընդոտները։

Մոսկուայի մէջ թրքական եւ ռուսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու միջեւ կը շարունակուին բանակցութիւնները։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ գլխաւորուած թրքական պատուիրակութիւնը քննարկումներ կը ծաւալէ ռուսական կողմին հետ։ Սեղանի շուրջ տարուած աշխատանքին զուգահեռ՝ թրքական եւ ռուսական զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսին իրականացուցին նաեւ համատեղ հերթապահութիւն մը։ Գամիշլիէն սկսած դիտարկումը եզրափակուեցաւ առանց որեւէ դէպքի։

Այս մթնոլորտին մէջ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ յայտարարութիւններ ըրին յարաբերաբար աւելի մեղմ ոճով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը շարունակեն համագործակցիլ՝ Իտլիպի պարագային վերջնական համաձայնութեան մը հասնելու առաջադրութեամբ։ Նախարարի խօսքով՝ պէտք չէ թոյլ տալ, որ Սուրիոյ խնդիրը ազդէ Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեան վրայ։ Ռուսական «Իզվեստիա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Չավուշօղլու մատնանշեց, որ Իտլիպի կացութեան պարագային անհրաժեշտ են բազմաթիւ քայլեր։ Ըստ իրեն, Մոսկուայի ներկայ բանակցութիւններու աւարտին յայտնի պիտի դառնայ, որ յաւելեալ ժողովի մը ան-հըրաժեշտութիւնը կա՞յ, թէ ոչ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յոյս յայտնեց, թէ Մոսկուայի ներկայ բանակցութիւններուն ժամանակ ելք մը պիտի գտնուի։ Ըստ Լաւրովի, Իտլիպի ռուս եւ թուրք զինուորական իրաւասուներուն միջեւ անխափան շփումներ գոյութիւն ունին եւ անոնք փոխադարձ ըմբռնումով կը մօտենան իրարու։ Թէ ի՞նչ կ՚ակնկալէ ռուսական կողմը բանակցութիւններէն։ Սերկէյ Լաւրով այս կապակցութեամբ յիշեցուց, որ երկու երկիրներու ղեկավարները Իտլիպի պարագային հասած են համաձայնութեան մը։ Ուստի, այդ համաձայնութեան համապատասխան գաղափարներ սեղանի վրայ պէտք է դրուին բանակցութիւններու ժամանակ։

Մինչ Մոսկուայի բանակցութիւնները կը շարունակուին, Թուրք զինեալ ուժերն ալ Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն կուտակումները։ Մոսկուայի մէջ թրքական պատուիրակութիւնը կը պահանջէ դաշտի վրայ լարուածութեան ժամ առաջ նուազեցուիլը եւ մարդասիրական կացութեան ա՛լ աւելի վատթարացման կանխուիլը։

Միւս կողմէ, Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ նոր գագաթաժողովի մը կազմակերպման պատրաստութիւններն ալ արդէն ընթացքի մէջ են։ Այսպէս, մարտի սկիզբին Թեհրանի մէջ նախատեսուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հերթական հանդիպումը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020