ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ամբողջէն ներս իր կառավարութիւնը հիւսիս-հարաւ նախագիծը վերաձեւակերպած ու դարձուցած է՝ հիւսիս-հարաւ, արեւելք-արեւմուտք նախագիծին։ Աւելի կարճ ձեւով սա կարելի է կոչել հայկական խաչմերուկ։
Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի բացման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին յոյս յայտնեց, թէ այս նախագիծը մեծ թափով կ՚իրականանայ։ Այսպէս, հայկական խաչմերուկի ճիւղերէն մէկը կը միացնէ հիւսիսը հարաւին, այսինքն, ըստ էութեան Հայաստանէն դէպի Իրան կ՚երկարի։ Միւս ճիւղը, ըստ էութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ըլլայ եւ ապագային ալ՝ դէպի Նախիջեւան եւ Թուրքիա։ Վարչապետը աւելցուց, որ արեւելք-արեւմուտք նախագծային հատուածը աւարտած չէ, բայց յընթացս քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու եւ համաձայնութիւններու ձեռքբերման ամբողջին մէջ ամէն ինչ շատ արագ կ՚իրականացուի։
Իր կարգին, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ երէկ մեկնաբանեց վարչապետի այս յայտարարութիւնը։ Իր խօսքով՝ ապաշրջափակում կը նշանակէ ենթակառուցուածքային հնարաւորութիւններ՝ կարելի չափով շատ ուղղութիւններով։ Հայկական կողմի վերջնական նպատակն է հասնիլ այնպիսի ապաշրջափակումի մը, որ տարածաշրջանէ ներս կայունութիւն պիտի ապահովէ եւ ենթակառուցուածքները պիտի սկսին ունենալ այլեւս տարածաշրջանային նշանակութիւն։ «Սա կը նշանակէ՝ որքան շատ ըլլան կապուղային հնարաւորութիւնները, այդքան աւելի արդիւնաւէտ կ՚ըլլան մեր ծախսերը, այդքան աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն մեն ենթակառուցուածքները եւ տնտեսապէս ալ այդքան աւելի արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ մեր նախաձեռնութիւնը», ըսաւ ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ գործող եռակողմանի աշխատանքային խումբը այն հարթակն է, որու վրայ կը շարունակուին տարածաշրջանային բոլոր տնտեսական ու փոխադրական կապերու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքները։ Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին այդ յանձնաժողովի աշխատանքները պիտի շարունակուին, թէեւ այս պահուն թուական չէ յստակացած։ Միեւնոյն ժամանակ, Մհեր Գրիգորեան դրական համարեց «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան հետ համագործակցութիւնը։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան փոխ-վարչապետ Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանէ ներս ապաշրջափակման ու մանաւանդ՝ երկաթուղիի բացման հնարաւորութիւնները տեսանելի են։ Ներկայ պահուն նոր համաձայնութիւններ չկան, բայց այս հարցին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները գրաւոր ձեւակերպում պիտի ստանան՝ ըստ իրաւական պահանջներու։