ԼՈՒՍԵՂԷՆ ՃԱՄԲԷՆ…

Թրքահայութիւնը երէկ փառաշուք ձեւով հրաժեշտ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր մեր համայնքէն լայն զանգուած մը համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ, ուր Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան, վերջին օծման արարողութիւնը, որու աւարտին թաղումն ալ կատարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Մեր համայնքին տեսակէտէ իսկապէս յուզումնախառն օր մըն էր։ Անշուշտ, բոլորին համար ըսելու շատ բան կար, սակայն վերջին հաշուով բոլորը առաջին հերթին լռութիւնը նախընտրեցին օրուան տխուր պատկերին առջեւ։ Ինչպէս Երուսաղէմի Պատրիարքը նշեց իր դամբանականին մէջ, մեր համայնքը տակաւին նոյնիսկ չէր կրցած հաշտուիլ հոգելոյս Պատրիարքի հիւանդութեան հետ, սակայն վրայ հասաւ անգութ մահը, որու հետեւանքով թրքահայութիւնը դէմ յանդիման մնաց սուգի։

Եւ այսպէս ժողովրդական երգի խօսքերուն նման, Մեսրոպ Պատրիարք մեզմէ հրաժեշտ առաւ անցնելով լուսեղէն ճամբէն եւ արդէն բռնեց յաւերժութեան ճանապարհը։ Իր ձայնը մեղեդիի մը նման այսօր կը հնչէ հեռուներէն։ Բայց որքան որ ալ հեռուներէն հնչէ, այդ ձայնը միշտ կը մնայ սրտախօսիկ։ Իսկ իր գործունէութիւնով պայմանաւորուած պատգամը այսօր արդէն աւանդ մը կը համարուի թրքահայ համայնքի զաւակներուն համար, որոնք երէկ վերջին անգամ իրենց խոնարհումը բերին հոգելոյս Պատրիարքի բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Լոյս իջնէ Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

    

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2019