ԴԵՍՊԱՆ ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՏԻՍ ԱՊԱՊԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան նախագահ Սահլէ Վորք-Զեւտէին յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւատարմագրի յանձնման պաշտօնական արարողութեան յաջորդած առանձնազրոյցի ընթացքին Եթովպիոյ նախագահը շնորհաւորեց դեսպան Սահակ Սարգսեանը՝ պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։ Ան նորանշանակ դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց պատասխանատու առաքելութեան մէջ ու վստահութիւն յայտնեց, թէ իր պաշտօնավարումը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Եթովպիոյ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման։

Զրոյցի տեւողութեան դիտարկուեցաւ Հայաստան-Եթովպիա երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակը, բարձր գնահատուեցաւ դարաւոր անցեալով երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, ընդգծուեցաւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զգալի ներուժը եւ զայն կեանքի կոչելու հրամայականը։ Նախագահը եւ դեսպանը կարեւորեցին միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս Երեւան-Ատիս Ապապա համագործակցութեան խթանումը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան երկու երկիրներու տարածաշրջաններէն ներս անվտանգային իրավիճակին շուրջ։

Եթովպիոյ նախագահական պալատէն հրաժեշտ առնելէ առաջ դեսպան Սահակ Սարգսեան ստորագրեց նաեւ պատուոյ տոմարը։

Ինչպէս ծանօթ է, Ատիս Ապապա գործուղուելէ առաջ դեսպան Սահակ Սարգսեան շուրջ հինգ տարի Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած էր՝ որպէս Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024