ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՉԿԱՅ. ՓՈՒԹԻՆ ՄԻՇՏ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ռուսաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն, որու արդիւնքով Վլատիմիր Փութին վերընտրուեցաւ՝ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ։ Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, ընտրողներու աւելի քան 74 տոկոսը մասնակցութիւն բերին քուէարկութեան, իսկ Վլատիմիր Փութին ստացաւ ձայներու աւելի քան 80 տոկոսը։ Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ թէ՛ առցանց եւ թէ դասական ձեւով։

Միջազգային մամուլի հաղորդումներով՝ նախագահական ընտրութեան եզրափակիչ փուլին բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Փութինի ընդդիմադիրներուն կողմէ։ Շարք մը ռուս ընդդիմադիր գործիչներ պնդեցին, որ քուէարկութեան մասնակցութեան այսքան բարձր ըլլալը նաեւ բողոքի արտայայտութիւն մըն է Փութինի դէմ։

Հարկ է նշել, որ Վլատիմիր Փութին նախագահ վերընտրուած է՝ մրցանիշային համեմատութեամբ քուէներ ապահոված ըլլալով։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2024