ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՂԵԳՐԵՐ ԿԸ ՆՈՒԱՃԷ ՌԻՈՅԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Նոր­վե­կիոյ Ֆիորտ քա­ղա­քին մէջ ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղի ու­նե­ցաւ 2016 թուա­կա­նի Եւ­րո­պա­յի ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը ե­ղաւ այս մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցած լա­ւա­գոյն խում­բը։ Հայ ծան­րա­բարձ­նե­րը նուա­ճե­ցին ութ ոս­կի, եօթ ար­ծաթ եւ ե­րեք պրոնզ մե­տայլ։ Նոր­վե­կիոյ մէջ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սը նուա­ճեց Անդ­րա­նիկ Կա­րա­պե­տեան, իսկ փոխ-ա­խո­յեան դար­ձան Տիգ­րան Մար­տի­րո­սեան եւ Գոռ Մի­նա­սեան։ Սի­մոն Մար­տի­րո­սեանն ալ նուա­ճեց պրոն­զէ մե­տայլ։

Հա­յաս­տա­նի կա­նանց հա­ւա­քա­կանն ալ ե­ղաւ Եւ­րո­պա­յի ա­ռա­ջի­նը։ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան դար­ձան՝ Հռիփ­սի­մէ Խուր­շու­տեան եւ Նա­զիկ Աւ­տա­լեան։

Հայ ծան­րա­բարձ­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն վե­րա­դար­ձան Ե­րե­ւան, ուր «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցան մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար Գաբ­րիէլ Ղա­զա­րեան, Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ Մար­զիկ­նե­րու հա­րա­զատ­ներն ալ ե­կած էին դի­մա­ւո­րել վեր­ջին օ­րե­րուն ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին բերկ­րանք պատ­ճա­ռած հայ ծան­րա­բարձ­նե­րը։

Միւս կող­մէ, վեր­ջերս Սամ­սու­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած կռփա­մար­տի մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի մար­զիկ­ներ ի­րա­ւունք շա­հե­ցան մաս­նակ­ցիլ Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016