ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաշխարհի վառ հետաքրքրութիւններու պայմաններուն ներքեւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս կը շարունակուի հայկական թանգարանի վերաբացման աշխատանքը։ Այս ծրագրին գլուխը կը գտնուի ֆրանսահայ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան։ Վերջերս Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ լոյս տեսաւ Քլոտ Մութաֆեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը Արէն Քէրթէշեանի ստորագրութեամբ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տեսակցութիւնը։

*

-Դուք ստանձնած էք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր փակ մնացած Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի թանգարանին վերաբացման պատասխանատուութիւնը։ Այդ առումով ի՞նչ ծրագիրներ մշակած էք եւ աշխատանքները ի՞նչպէս կ՚ընթանան։

-Ես առաջին անգամ այդ թանգարանը այցելած էի 1979-ին, որ անմխիթար վիճակ մը կը պարզէր։ Ամէն ոք գիտէ, թէ Հայաստանէն դուրս Երուսաղէմը հայագիտութեան եւ հայկական արուեստի ամենէն հարուստ նիւթերը պարունակող կեդրոնն է եւ ցաւալի էր տեսնել ցուցադրութեանց ողորմելի պատկերը։ Ներկայի հայոց պատրիարքը մօտ երկու տարի առաջ զիս հը-րաւիրեց եւ առաջարկեց, որ զբաղիմ թանգարանի վերաբացման հարցով, որպէսզի պատշաճօրէն հոն ներկայացուի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Ես սիրով ընդունեցի առաջարկը։ Եւ անմիջապէս կեանքի կոչուեցաւ երեք հոգինոց աշխատանքային խումբ մը, որուն ինձմէ բացի կ՚անդամակցին պատմագէտ Յարութիւն Գէորգեանը եւ թանգարանագէտ Յարութ Պէզճեանը։ Մենք միասնաբար ծրագիր մը մշակեցինք եւ մօտաւոր ծախսերու նախահաշիւին հետ ներկայացուցինք պատրիարքին։ Այս ծրագիրը պատրիարք հօր հաւանութեան արժանացաւ։

-Կրնայի՞ք այդ ծրագրի մասին որոշ բացատրութիւններ տալ։

-«Եդուարդ եւ Էլէն Մարտիկեան» անունով թանգարանը կը գտնուի երկու յարկի վրայ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ետեւը կան խցիկներ։ Վայրը շատ յարմար է։ Ըստ մեր ծրագրին թանգարանը պիտի ունենայ քանի մը բաժիններ, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրբ Քաղաքի հայկական հարստութիւնները։ Պատրիարքը խոստացած է, որ մինչեւ 2017-ի աւարտը պիտի հայթայթէ նիւթականը։

-Թանգարանին մէջ պահպանուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան հարուստ հաւաքածոյ մը։ Ի՞նչ արժէքաւոր ցուցանմոյշներ կան հոն։

-Ամենէն մեծ հարստութիւնը ձեռագրերն են։ Հակառակ անոր որ ձեռագրապահեստը շատ խեղճ վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն բարեբախտաբար ձեռագիրները չեն տուժած։ Օրինակ մը բերեմ. ինչպէս գիտենք հայ ամենէն նշանաւոր մանրանկարիչը Թորոս Ռոսլինն է (13-րդ դար) եւ աշխարհի մէջ ներկայիս իրմէ մնացած են միա՛յն եօթ գործեր՝ մէկը Ամերիկա է, երկուքը Երեւանի Մատենադարանը, իսկ մնացեալ չորսը Երուսաղէմ կը գտնուին։ Այնտեղ կան նաեւ այլ եզակի իրեր՝ մեծ թիւով կաթողիկոսարանի կամ պատրիարքարանի կոնդակներ, արաբերէն լեզուով սուլթաններու եւ խալիֆաներու նշանաւոր «ֆերման»ներ (հրահանգներ), որոնցմէ յիշատակելի է Սալլահէտտինի «ֆերման»ը (1197-ին), որով կը հրահանգէր ձեռք չդպցնել հայերուն, երբ իր զօրքերը վերագրաւած էին Երուսաղէմը։ Հոն պահուած են նաեւ խորանի արժէքաւոր վարագոյրներ, գորգեր, ինչպէս նաեւ 1064 թուականի շքեղ Աւետարանը։ Ըսեմ նաեւ, որ հին քաղաքէն դուրս կայ պատրիարքարանին պատկանող տարածք մը, որուն յատակին կը գտնուի ցարդ նմանը չունեցող 7-րդ դարու խճանկար մը՝ հայկական արձանագրութեամբ, որ անշուշտ կարելի չէ տեղափոխել, սակայն կարելի է այդ հրաշալիքին կրկնօրինակը զետեղել թանգարանին մէջ։ Կայ նաեւ եկեղեցւոյ 14-րդ դարու փայտէ դուռը, որ գեղեցիկ արձանագրութիւն ունի։ Աշխարհի մէջ այդպիսի չորս դուռ գոյութիւն ունի. մէկը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ է, երկուքը՝ Էրմիթաժի եւ մէկ հատն ալ Թէոդոսիա կը գտնուի։ Թանգարանի պատերուն մէջ զետեղուած են նաեւ մեծ թիւով խաչքարեր։

Մեր նախատեսած ծրագրին համաձայն, թանգարանի առաջին բաժինը կ՚երկարի մինչեւ Խաչակիրներու ժամանակաշրջանը, երկրորդ մասը՝ արդէն խաչակրաց հարուստ շրջանն է, երրորդը՝ Օսմանեան կայսրութեան կը վերաբերի, ուր շեշտը պիտի դրուի ուխտաւորներու եւ բարերարներու վրայ։ Այս բաժինները առաջին յարկը պիտի զետեղուին, իսկ վերնայարկը յատկացուած է մեծ եղեռնի օրերու յիշատակներուն եւ փաստաթուղթերուն, ժամանակակից շրջանի ցուցանմոյշներուն։ Նաեւ յատուկ բաժին մը պիտի ընդգրկէ տպագրութիւնը եւ լուսանկարչութիւնը, նկատի ունենալով որ հայերը առաջին տը-պագրիչները եղած են։ Օրինակ՝ առաջին հայատառ տպագիրքը հրատարակուած է 1833-ին։

-Ուրեմն նախքան ձեր մշակած ծրագրի իրագործումը տակաւին հսկայական աշխատանք կայ այդ ամբողջ հարստութիւնը թուագրելու առումով։ Չհաշուած Երուսաղէմէն դուրս գտնուող պատմական արժէքները։

-Այդ ժառանգութեան շուրջ 95 առ հարիւրը կը գտնուի պատրիարքարանին մէջ։ Բայց նախ մենք պէտք է այս ամէնը տեսնենք եւ լուսանկարենք, յետոյ պէտք է ընտրութիւն կատարենք, որովհետեւ կան նիւթեր, որոնք պատրիարքարանին մէջ չեն, ինչպէս օրինակ՝ Խաչակիրներու ժամանակ ամենէն նշանաւոր անձնաւորութիւնը համարուող Երուսաղէմի Մելիզանտ (Mélisen-de) թագուհիին մասին, որու մայրը հայ էր։ Այդ թագուհիին վերաբերեալ հայագիտութեան մէջ ո՛չ մէկ ակնարկ գոյութիւն ունի։ Հաւանաբար ան թագուհի դառնալէ ետք ընդունած է կաթողիկէ դաւանանքը եւ հայերուն համար հայ ըլլալէ դադրած է։ Բայց Փարիզի Ազգային գրադարանին եւ Լոնտոնի մէջ ահագին տեղեկութիւններ կան այդ մասին։ Ուրեմն, նման պարագաներու մեզի պէտք են նիւթերու լուսանկարները, այսինքն՝ Երուսաղէմի հաւաքածոն պիտի լրացուի դուրսէն բերուած կրկնօրինակներով կամ լուսանկարներով։

-Արդեօք դարերէ ի վեր հոն պահուած թանկարժէք իրերը կարելի՞ է թանգարանին մէջ ներկայացնել։

-Երուսաղէմի պատրիարքը համաձայն է, որ մեր ցանկագրած նիւթերը տրամադրէ թանգարանին։ Անշուշտ կարելի է որոշ նմոյշներ «fac-similé» ընել եւ ցուցադրել, եւ ասիկա մա՛նաւանդ ձեռագրերու համար, որովհետեւ կրնայ լոյսի խնդիր յառաջանալ։

-Ձեր նախնական հաշիւներով նման ծրագիր մը որքան ծախսի կը նայի եւ ո՞վ պիտի ֆինանսաւորէ։

-Մեր հաշիւներով այս ծրագրի իրագործումը մօտաւորապէս 2 միլիոն եւրօ կը հաշուէ, որուն մէջ ներառուած չեն շէնքին վերանորոգման ծախսերը։ Պատրիարքը - ինչպէս ըսի - խոստացած է այդ գումարը հայթայթել։ Եթէ այդպէս ըլլայ, արդէն 2018-ին մենք գործնական աշխատանքի կ՚անցնինք։

-Դուք Հայաստանի մէջ ներկայացուցիք թանգարանի վերաբացման ծրագիրը։ Արդեօք դրակա՞ն են արձագանգները։ Ժողովուրդը կը հետաքրքրուի՞։

-Այս նիւթը շատ մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց ժողովուրդի մէջ։ Ես այս թեման ներկայացուցի Պատմութեան թանգարանին եւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Նաեւ հեռատեսիլի երկու կայաններ յատուկ հաղորդումներ սփռեցին։ Խանդավառութիւնը մեծ է։

-Դուք քիչ առաջ ակնարկեցիք ցեղասպանութեան վերաբերեալ արխիւներուն։ Մամուլը յաճախ կը խօսի պատրիարքարանին մէջ պահուած արխիւներու փակ ըլլալու մասին։ Այս լուրերը իրականութեան կը համապատասխանե՞ն, թէ՝ ո՛չ։

-Ընդհանրապէս արխիւները փակ պահելը աւանդական գործընթաց մըն է, բայց հիմա Երուսաղէմի մէջ անոնք պիտի բացուին եւ ցուցադրուին։ Մեր խումբը աշխատանքի բաժանում ըրած է։ Յարութիւն Գէորգեանը պիտի զբաղի արխիւներով, ես՝ միջնադարեան շրջանով, իսկ Յարութ Պէզճեանը արդէն թարգարանային հարցերով։

-Երկար տարիներէ ի վեր փակ պահուած արխիւները ուսումնասիրելու համար չէ՞ք կարծեր, որ լաւ պիտի ըլլայ թանգարանին կից նաեւ ստեղծել գիտահետազօտական կեդրոն մը։

-Կ՚ենթադրեմ, թէ այդ արխիւներուն մէկ մասը արդէն ուսումնասիրուած է։ Անշուշտ թէ արխիւներու ամբողջական ուսումնասիրութիւնը կարեւոր աշխատանք մըն է։ Այս հարցերով Յարութիւն Գէորգեանը կը զբաղի։

-Կը կարծէք, թէ թանգարանը բաւականաչափ այցելու պիտի ունենա՞յ, որպէսզի ինքնաբաւ դառնայ։

-Անշուշտ, նկատի ունենալով որ հազարաւոր մարդիկ կ՚այցելեն Երուսաղէմ, իսկ թանգարանը բաց է ամէնուն առջեւ։ Հոն զբօսաշրջային գրքոյկներուն մէջ այս թանգարանին մասին ակնարկ կայ եւ ժողովուրդը կը փնտռէ զայն։

-Արդեօք այսքան մեծ հարստութիւն թանգարանի մը մէջ ներկայացնելը նաեւ քաղաքական առումով վտանգաւո՞ր չէ, նկատի ունենալով այդ աշխարհամասի պայթուցիկ կացութիւնը։

-Եթէ նորէն պատերազմ կամ ռմբակոծում ըլլայ, անշուշտ թէ վտանգաւոր է, բայց ատիկա միա՛յն թանգարանին չի վերաբերիր։

-Ե՞րբ կը վերաբացուի թանգարանը։

-Եթէ խոչընդոտներ չըլլան, գործը երկու տարիէն կը վերջանայ։

-Յաճախ շշուկներ կը լսուին պատրիարքարանի կալուածներուն առգրաւման մասին։ Ի՞նչ է վիճակը այսօր։

-Պատրիարքարանը Հին քաղաքէն դուրս շատ կալուածներ ունի, որոնց վրայ աչք դրած է Իսրայէլի պետութիւնը։ Սակայն քաղաքին մէջ գտնուող կալուածները պատրիարքարանին սեփականութիւնն են։ Ըսեմ, թէ միայն նոր քաղաքն է որ ընդունուած միջազգային օրէնքով Իսրայէլի պետութեան կը պատկանի։

-Այսօր ի՞նչ վիճակ կը պարզէ Երուսաղէմի հայկական գաղութը։

-Հոն քիչ է հայութեան թիւը եւ աշխոյժ համայնքային կեանք գոյութիւն չունի։

-Վերջին հարցումը կը վերաբերի ֆը-րանսահայութեան։ Անոր ժառանգութիւնը ո՞վ պիտի փրկէ։

-Լաւագոյնը այն պիտի ըլլար, որ յատուկ մարմին մը գոյութիւն ունենար՝ Տեսինի «հայկական յիշողութեան կեդրոն»ի նմանօրինակով, որ զբաղէր ֆրանսահայութեան ժառանգութեան հարցերով։ նշելով թէ ես, Տիգրան Գույումճեանը եւ Զաւէն Եկաւեանը շատ մեծ գրադարաններ ունինք եւ առաջարկած եմ Սեւրի վարժարանին մէջ հիմնել հայկական գրադարան մը՝ այդ բոլոր գիրքերը միատեղելու նպատակով։ Հայր սուրբը սկզբունքին համաձայն է, բայց ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ գործնական արդիւնքները ի՛նչ պիտի ըլլան, նկատի ունենալով որ այդ աշխատանքն ալ նիւթական մեծ ներդրումներ կը պահանջէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018