ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարիէլ տը Սարնեզիի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ։ Երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգին անդրադառնալու առընթեր զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն վրայ։

Մինչ այդ, երէկ, Զօհրապ Մնացականեանի մասնակցութեամբ բարձր մակարդակով քննարկում մը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառէն ներս։ Հաւաքոյթը կը կրէր «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը Թաւշեայ յեղափոխութենէն վերջ» խորագիրը։

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան երէկ Փարիզի մէջ այցելեց նաեւ նախընթաց օրուան մեծ հրդեհի հետեւանքով հրկիզուած Նոթրը Տամ մայր տաճարը։ Նախարարը այս առթիւ ընդգծեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ Նոթրը Տամի վերականգնման նպատակով աշխատելու ուղղութեամբ։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019