ՓԱՔԻՍՏԱՆՑԻ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ երէկ ձերբակալուեցաւ Փաքիստանի քաղաքացի մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս սահմանապահները ձերբակալեցին այս սահմանախախտը, որ կը փորձէր Թուրքիա-Հայաստան սահմանը հատել ապօրինի ձեւով։ Ըստ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, քանի մը օր առաջ սահմանապահները Թուրքիոյ տարածքին մէջ նկատած էին Հայաստանի սահմանին մօտեցող այդ անձը։ Սահմանախախտը անցած է սահմանամերձ Արաքս գետը, որով կ՚անցնի պետական սահմանը ու փորձած է թաքնուիլ Հայաստանի տարածքէն ներս։ Քանի մը վայրկեան վերջ ան արդէն ձերբակալուած է ռուս սահմանապահներու Արտաշատի ջոկատին կողմէ։ Հարցաքննութեան ընթացքին սահմանախախտը պարզաբանած է, որ Փաքիստանի քաղաքացի է եւ նպատակ ունեցած է անցնիլ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներ։ Խուզարկութեան ժամանակ իր մօտ յայտնաբերուած է Փաքիստանի քաղաքացիի անձնագիր եւ բջիջային հեռախօս։

Պատկան մարմինները անհրաժեշտ միջոցները ձեռք կ՚առնեն՝ այս յանցագործութեան բոլոր հանգամանքները բացառելու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019