ԸՆԴՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Բաց երկնքին տակ կան, ըստ էութեան, կենդանին եւ իրեղէնը։ Երկրագունդը կը համատեղէ բնականն ու արհեստականը։ Անոնց պարզած պատկերը ներդաշնակութիւն է երբեմն, իսկ երբեմն ալ հաւասարակշռութիւն կամ հակադրութիւն։ Բնականն ու արհեստականը զիրար կը համալրեն՝ որքան ատեն, որ կը տեղաւորուին մարդուն ուղեղին ու սրտին մէջ, անշուշտ, առանց իրարու վրայ ճնշելու։ Եթէ անոնցմէ մին սկսի գերակշռել, ապա ակամայ կը ծագի անապահովութեան զգացում՝ նոյնիսկ առանց զրկանքի եւ ճոխութեան մէջ։

Տնտեսագէտ Օլիվիէ Պապու հարցազրոյցի մը մէջ արտայայտած է ուշագրաւ դիտարկում մը. «Անաստուած աշխարհի մը մէջ մեր ամենամեծ գործը դարձած է սթափումը»։

Մարդկութիւնը բոլոր ժամանակներուն, բոլոր ուղղութիւններով ունեցած է որոշ զարգացում՝ տարբեր հարց, որ այդ յառաջխաղացումը տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր թափ ունեցած կրնայ ըլլալ։ Իսկ ներկայ ժամանակներուն, կարծես կարելի է մտածել, թէ անհրաժեշտ է նորովի հրահրել՝ մարդկութեան արժէքներ կերտելու ընդունակութիւնը. նո՛ր արժէքներ, որոնք կարիքներ յագեցնելու բնազդէն անդին՝ կ՚իւրացուին երկարաժամկէտ ու կը տեղաւորուին մտքի եւ հոգիի նո՛ր սահմանումներուն մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023