ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ հերթական զգուշացումներով, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին Ատրպէյճանի հետ առկայ սահմանային լարուածութիւններուն տեսակէտէ։ Ըստ իրեն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մօտեցումը սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ չափազանց վտանգաւոր է երկարաժամկէտ հեռանկարով։ Այս պատճառով առանձին պետական մարմիններն ալ կը ձախողին իրենց գործառոյթներու կատարման մէջ։

Ըստ Արման Թաթոյեանի, անկարելի է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններուն վերաբերեալ հարցերը քննարկել միայն քաղաքական ու ռազմական տեսանկիւնէ՝ յատկապէս պայմանաւորուած պատերազմի հետեւանքներով եւ Ատրպէյճանի թշնամանքի քաղաքականութիւնով։ Արման Թաթոյեան ներկայ կառավարութեան մօտեցումները չափազանց վտանգաւոր համարեց նաեւ հեռանկարային առումով՝ ներառեալ Փաշինեանի կողմէ առաջարկուած միջազգային դիտորդներու հաստատման դրութիւնը։ Ան մատնանշեց, որ լուրջ խնդիրներ յառաջացած են կառավարութեան կողմէ սեփական քաղաքացիներու եւ առաջնահերթ՝ սահմանային բնակչութեան նկատմամբ իրաւունքներու պաշտպանութեան, անվտանգ ու բնականոն կեանքի ապահովութեան ուղղեալ դրական պարտաւորութիւններու կատարման հարցին մէջ։ Թաթոյեանի համոզմամբ, կառավարութիւնը պարտաւոր է սահմանազատման եւ սահմանագծման վերաբերեալ քննարկումներու հիմքին դնել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու, առհասարակ՝ մարդու իրաւունքները։ Արդարեւ, սահմանազատումն ու սահմանագծումը կրնան տասնեակ տարիներէ աւելի տեւել, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու իրաւունքները չեն կրնար տասնեակ տարիներով մնալ խախտուած, իսկ կեանքն ու անվտանգութիւնը՝ լրջօրէն վտանգուած։

Հուսկ, Թաթոյեան ընդգծած է, թէ միջազգային ուղիղ պահանջ է, որ սահմանազատումն ու սահմանագծումը օրինական չեն ըլլար, եթէ կը խաթարեն սահմանային բնակչութեան բնականոն կեանքը, հաշուի չեն առներ մարդու իրաւունքներն ու իրաւունքի գերակայութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021