ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԱԾ

Ազգային մեծ ժողովի որոշումով Թուրքիոյ մէջ արտակարգ վիճակի դրութիւնը երէկ երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։ Կառավարութեան համապատասխան որոշմնագիրը արժանացաւ խորհրդարանի հաւանութեան եւ այսպէսով երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը չորրորդ անգամ երկարաձգուեցաւ։ «Փոխ-վարչապետ Նուրետտին Ճանիքլի այս առթիւ խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ նման իրավիճակի մը մէջ անհրաժեշտ է արտակարգ դրութեան հռչակուիլը։ Ըստ իրեն, անցեալ մէկ տարուան ժամանակաշրջանին կատարուած գործադրութիւններուն հետեւանքով ոեւէ մէկուն հիմնարար ազատութիւններն եւ իրաւունքները չեն խոչընդոտուած եւ ոեւէ մէկը այս առումով ժխտական ազդեցութեան մը չէ ենթարկուած։

Խորհրդարանի որոշումէն առաջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ ժողով մը գումարեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը, որ եւս յարմար նկատեց արտակարգ դրութեան երկարաձգուիլը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017