ԺՈՐԺ ՔԵՓԵՆԵՔԵԱՆ ԼԻՈՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Ֆրանսայի մեծագոյն քաղաքներէն Լիոնի քաղաքապետ ընտրուեցաւ հայազգի 68-ամեայ Ժորժ Քեփենեքեան։ Այս որոշումը առնուեցաւ Լիոնի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդին կողմէ։ Այժմ արդէն նախկին քաղաքապետ Ժերար Քոլոմ անձամբ առաջարկեց Քեփենեքեանի թեկնածութիւնը։ Ծանօթ է, որ Քոլոմ մօտաւոր անցեալին եղած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հիմնական սատարողներէն մին։

Ժորժ Քեփենեքեան մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ-միզաբան է, Ֆրանսա հաստատուած հայ գաղթականներու որդի։ Ան սկիզբին յաջողութեան հասած է մասնագիտական գործունէութեան մէջ, իսկ յետոյ սկսած է աշխուժօրէն քարոզել Լիոնի հիւանդանոցներէն ներս մշակոյթ ներդնելու գաղափարը։ Ան այդ գաղափարները առաջին հերթին իրականացուցած է Centre Hospitalier Saint-Joseph Saint-Luc հիւանդանոցին մէջ, ուր 2005 թուականէն սկսեալ կը զբաղեցնէր ռազմավարական զարգացման հարցերով տնօրէնի պաշտօն։ Ֆրանսահայ ազգային կեանքին ալ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր Քեփենեքեան, որ 2008 թուականին միացած էր Ժերար Քոլոմի խումբին, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ժամանակ։ Քոլոմի ընտրուելէն վերջ ան դարձած էր մշակութային եւ մշակութային մեծ ձեռնարկներու հարցերով առաջին օգնականը։ 

Ժորժ Քեփենեքեան այսպէսով դարձաւ Լիոնի 35-րդ քաղաքապետը։ Խորհուրդի 75 անդամներէն 49-ը քուէարկեցին իրեն ի նպաստ։ Քուէարկութեան արդիւնքին յայտնի դառնալէն վերջ Քոլոմ ըսաւ. «Ուժեղ զգացումներով այս տեղը կը թողում ձեզի»։ Հարկ է նշել, որ Քոլոմ կը շարունակէ մնալ Լիոնի քաղաքապետարանի քաղաքային խորհուրդի անդամ։ Քեփենեքեան Օգոստոսի 8-ին պիտի դառնայ 68 տարեկան։ Իր պաշտօնավարութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 2020 թուականը։

Ծանօթ է, որ Լիոնի մէջ կ՚ապրի հայկական մեծ համայնք մը, որ ֆրան-սահայութեան ողնայարի կարեւորագոյն տարրերէն մին է։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017