ԷՐՊԻԼԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԷՆ ՄԻՆ ԶՈՀ ԳՆԱՑ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան Էրպիլ քաղաքին մէջ երէկ պատահեցաւ սաստիկ դէպք մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն պատուիրակութիւն մը զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ՝ ճաշարանի մը մէջ։ Ճաշի ընթացքին պատահած այս յարձակման զոհ գնաց թրքական հիւպատոսարանի պաշտօնեաներէն մին։ Խնդրոյ առարկայ ճաշարանը կը գտնուէր հիւպատոսարանէն շուրջ 3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Դժբախտաբար, հիւպատոսարանի պաշտօնեաներէն Օսման Քէօսէ նահատակուեցաւ տեղւոյն վրայ։

Յարձակումը գործած երեք զինեալները աւելի վերջ կրակ բացին նաեւ կողքի սեղանին վրայ, ուր նստած էին երկու իրաքցիներ։ Անոնցմէ ալ մին մահացաւ տեղւոյն վրայ, իսկ միւսը՝ հիւանդանոցի մէջ։ Յարձակողները յաջողեցան խոյս տալ։

Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն ձեւով արձագանգեց այս յարձակման դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ կը պախարակէ այս յարձակումը ու կը ցաւակցի նահատակ պաշտօնեայի մահուան առթիւ։ Էրտողան ընդգծեց, որ Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած է Իրաքի իշխանութիւններուն մօտ՝ որպէսզի յանցագործները ժամ առաջ գտնուին։

Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտնեց, որ այս դէպքին կապակցութեամբ առաջին հերթին ահաբեկչութեան վարկածը կու գայ օրակարգի վրայ, սակայն անմիջապէս կողքի սեղանի իրաքցիներն ալ սպաննուած են, հետեւաբար այս բոլորը պէտք է պարզաբանուին։ Նախարարը նշեց, որ այս հարցին շուրջ Անգարա շփման մէջ է թէ՛ Պաղտատի եւ թէ Էրպիլի հետ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նահատակին մարմինը արդէն փոխադրուած է Թուրքիա։

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019