ԱՐՓԻ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ EXETER-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն Արփի Սարուխանեան փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է Անգլիոյ Exeter-ի համալսարանը։ Ան վկայուած է այդ հեղինակաւոր համալսարանի ֆիզիքի եւ ասթրօֆիզիքի բաժնէն։

Արփի Սարուխանեան, որ 2000 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ, աւարտած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։ Իրաւունք շահած է լիսէի ուսումը շարունակելու Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ, ուր երկու տարի կրթութիւն առնելէ վերջ ուղղուած է դէպի Լոնտոն։ Նորթպրիճի լիսէէն վկայուելէ վերջ յաջողած է մուտք գործել Exeter-ի համալսարանը, ուր ուսանած է ֆիզիք եւ ասթրօֆիզիք։ Համալսարանական տարիներուն ալ տեւականացուցած է իր յաջողութիւնը ու մաս կազմած է Exeter-ի 2022 թուականի ընթացաւարտներու շարքին։ Անցեալ շաբթուան մէջ համալսարանէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ան ստացած է իր վկայականը։ Արփի Սարուխանեան դուստրն է Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեանի։ Ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ ան հետեւի մագիստրոսական ծրագրի նոյն համալսարանէն ներս։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արփի Սարուխանեանը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Մեր խնդակցութիւնները իր ծնողքին՝ Սունա-Արմէն Սարուխանեան ամոլին, մեծ մօր՝ Սօնա Սարուխանեանին եւ համայն ընտանիքին, որ արդար հպարտութիւն կ՚ապրի այս կարեւոր նուաճումով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022