ԵՐԵՒԱՆԻ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» 19-ՐԴ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ԸՆԴԳՐԿԵՑ ՇՈՒՐՋ 100 ՖԻԼՄ

Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 19-րդ անգամ։ Յուլիսի 10-ին սկիզբ առած փառատօնի ծրագրի աւարտը բնորոշեց երէկուան մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս։ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ հովանաւորուած փառատօնին աջակցած էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան։ Մրցանակաբաշխման յաջորդեց Կարին Յովհաննիսեանի «Չտեսնուած հանրապետութիւն» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։

Փառատօնի դատակազմը գլխաւորեց Իրլանտայէն շարժանկարի շատ յայտնի գործիչ մը՝ բեմագիր ու բեմադրիչ Թերի Ճորճ, որ նուաճած է Օսքարի մրցանակ։ Ան պարգեւաբաշխման ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի հիմնադիրներուն, դատակազմի անդամներուն՝ կախարդական համարելով Երեւանն ու «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը։

«Փեթէր ֆան Պիւրէնի անուան տարածաշրջանային համայնապատկեր» մրցոյթի դափնեկիրը հանդիսացաւ Քուրտուհին Այուպի «Արեւ»ը։ FIPRESCI մրցանակը շնորհուեցաւ Մահմուտ Ղաֆֆարիի «Խնձորի օրը» գործին։ «Կորիզ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու մրցոյթի առաջինը դասուեցաւ Մուհամմէտ Ռըզա Ֆարզտի «Ենթագումարներ»ը։ «Կենատի Մելքոնեանի անուան յատուկ մրցանակ»ը ստացաւ Համբարձում Համբարձումեանի «Քորէական տելիքաթէս»ը։ «Խոստում լաւագոյն մարդասիրական ֆիլմ» անուանեալ մրցանակը տրուեցաւ Սիմոն Լերենկ Վիլմոնտի «Բեկորներէն հաւաքուած տունը» ժապաւէնին։

Հարկ է նշել, որ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ի շրջանակին մէջ ցուցադրուեցաւ շուրջ 100 ժապաւէն։ Յատկապէս այս փառատօնին մասնակցելու համար Երեւան այցելեցին համաշխարհային շարժանկարի կարգ մը հեղինակաւոր անուններ. օրինակ՝ սպանացի բեմադրիչ Ալպերթ Սերա, Քաննի փառատօնի կրկնակի մրցանակակիր, ժապաւէններու արտադրիչ Ֆիլիփ Պոպէր, DAU բազմահարթակ մարդաբանական շարժանկարի նախագծի հեղինակ Իլիա Խորժանովսքի եւ այլք։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022