ԵՐԵՔ ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս կարեւոր տեսակցութիւնը կազմակերպուած էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի միջնորդութեամբ։ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստակամութիւն կը յայտնէր Երեւան-Պաքու ուղիղ երկխօսութիւնը հիւրընկալելու համար՝ մանաւանդ, որ ձեռնպահ կը մնար Հարաւային Կովկասի պարագային Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած 3+3 ձեւաչափով հարթակին մասնակցելու։ Վրացական կողմի այդ յամառ կոչերէն վերջ Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը։ Վրաստանի ղեկավարութիւնը պետական վերաբերմունքի առարկայ դարձուց այս ժամադրութիւնը, որու մասնակից նախարարները հիւրընկալուեցան բարձր արարողակարգով։ Այսպէս, թէ՛ Միրզոյեան եւ թէ Պայրամով առանձին-առանձին ընդունուեցան Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ Իլիա Տարչիաշվիլիի կողմէ։

Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ երեք ժամ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։ Այսպէս, հայկական կողմը վերահաստատած է իր տեսակէտը, թէ տարածաշրջանէ ներս կայուն ու տեւական խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը եւ այս համատեսքին մէջ ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կառոյցի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ իր միջազգային լիազօրութեան համապատասխան։

Միրզոյեան եւ Պայրամով հանդիպման ընթացքին անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի մը։ Անոնք քննարկեցին այս առումով նախապէս ստանձնուած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը ու կարծիքներ փոխանակեցին ապագայ հաւանական քայլերու շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ նաեւ մարդասիրական խնդիրներու վրայ՝ ներառեալ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակուիլը, կորսուած անձերու ճակատագրի պարզաբանումը։ Հուսկ, արձանագրուեցաւ շփումները շարունակելու ուղղութեամբ կողմերու պատրաստակամութիւնը։

Պաքուի պաշտօնական աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Ճէյհուն Պայրամով նշած է, թէ բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէ ներս յառաջընթացի հասնելու նպատակին։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներու կատարման անհրաժեշտութիւնը՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական զինեալ ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ։ Ըստ Պաքուի հաղորդագրութեան, Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձաւ մարդասիրական հարցերուն՝ ընդգծելով շուրջ չորս հազար կորսուած ատրպէյճանցիի ճակատագիրը պարզելու կարեւորութիւնը։

Հարկ է նշել, որ թէեւ վրացական կողմը միջնորդած է այս հանդիպման կազմակերպման, սակայն, Միրզոյեան եւ Պայրամով զրուցած են գլուխ-գլուխի, առանց որեւէ միջնորդի։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՏԱՐՉԻԱՇՎԻԼԻ

Թիֆլիզի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց շաբաթավերջի բանակցութիւններուն։ «Այսօր Վրաստանի մէջ յատուկ օր է։ Թիֆլիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր երկխօսութիւն մը, որ սկսած է մեր երկու հարեւաններուն միջեւ։ Այս գործընթացը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ համատեղ ջանքերով իրենք կը փափաքին հասնիլ խաղաղութեան եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան։ Կ՚ուզեմ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել իմ գործընկերներու վստահութեան համար։ Մեր կառավարութեան նկատմամբ անոնց վստահութիւնը նոյնպէս շատ կարեւոր է։ Միեւնոյն ժամանակ շատ կարեւոր է այս երկխօսութեան Վրաստանի, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունենալը։ Դարեր շարունակ Թիֆլիզ եղած է այն վայրը, ուր կարեւոր որոշումներ առնուած են եւ այս երկխօսութիւնն ալ այս բանի կարեւոր շարունակութիւնն է», ըսաւ Տարչիաշվիլի։

Ընկերային ցանցերու վրայ ալ գրառման մէջ վրացի նախարարը նշեց. «Շատ հպարտ եմ տեսնել, որ Թիֆլիզ կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վայրը։ Վստահ եմ, թէ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղեալ մեր համատեղ ջանքերը արդիւնք կու տան»։

ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Երեւանի աղբիւրները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին նաեւ Միրզոյեան-Ղարիպաշվիլի եւ Միրզոյեան-Տարչիաշվիլի շաբաթավերջի զրոյցներուն շուրջ։ Ղարիպաշվիլիի հետ զրուցելու ժամանակ Միրզոյեան դիտել տուած է, որ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացումը Հայաստանի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունի։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան շարք մը հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց վրացական կողմի հիւրընկալութեան եւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան նպաստելու պատրաստակամութեան համար։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ։

Միրզոյեան վրացի պաշտօնակցին հետ ալ խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ՝ ընդգծելով խաղաղ տարածաշրջան մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ ԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց Միրզոյեանի եւ Պայրամովի Թիֆլիզի հանդիպումը։ Ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ ան նշեց, որ նախարարները դրական քայլ մը առած են հանդիպելով Թիֆլիզի մէջ։ Պլինքըն համոզուած է, թէ ուղիղ երկխօսութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան տարաձայնութիւնները լուծելու անհրաժեշտ եւ յուսալի ճանապարհն է։

Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման ընդառաջ Երեւան այցելեց Ուաշինկթընի ղեկավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, CIA-ի ղեկավար Ուիլիըմ Պէօրնս բարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ՝ տեսակցելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։

Պլինքընի գրառման զուգահեռ իր Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերով տեղեկալը՝ Քերըն Տոնֆրիտն ալ Թիֆլիզի բանակցութիւններու լոյսին տակ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Միրզոյեան ներկայացուց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման գործընթացին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովներու աշխատանքներուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Թիֆլիզի շաբաթավերջի հանդիպման շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ հայկական կողմը կը շարունակէ կարեւորել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս։

Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ ողջունեց Թիֆլիզի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններ կատարելու որոշումը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022