ԱՀՄԷՏ ՄԻՍՊԱՀ ՏԵՄԻՐՃԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տեմիրճան աւելի առաջ երկար տարիներ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր։ Ան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին այցելել փափաքած էր՝  նկատի ունենալով, որ մօտաւոր անցեալին ուշ գիշերին տհաճ դէպքեր պատահած էին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին։ Հանրային կարծիքին մօտ լայն արձագանգ գտած եւ հակազդեցութեան պատճառ դարձած այդ դէպքերէն վերջ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ տեսակցեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ զրոյցը, որու ընթացքին փոխ-նախարարը շեշտը դրաւ երկրէ ներս համակեցութեան կարեւորութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021