ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան վերջերս Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան բացատրութիւններ տուաւ ընթացիկ տարուայ առաջին եօթ ամիսներու տուեալներու լոյսին տակ Հայաստանի լեզուի մասին օրէնքի խախտումներուն շուրջ։

Դաւիթ Կիւրճինեան երկար ժամանակէ ի վեր հետեւողականօրէն հայոց լեզուի անաղարտ օգտագործման վերաբերեալ զգայնութիւններով հանդէս կու գայ յաչս հանրային կարծիքին, որ իսկապէս ջահակիր մը դարձած է։ Թէեւ յաճախ տեսական ըլլալ կը թուին իր յայտարարութիւնները, յաճախ գործնականութենէ հեռու կ՚որակուին, սակայն ան յամառօրէն հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան եւ արդէն մասնագիտական շրջանակներու յամառութիւնը հիմնական երաշխիք մը կը համարուի՝ հայոց լեզուի անաղարտութեան եւ ճիշդ օգտագործման տեսակէտէ։ Արդարեւ, Հայաստանի մէջ ալ այս խնդիրը հրատապ է օտար լեզուներու եւ անոնցմով պայմանաւորուած մտածելակերպի ազդեցութիւններուն բերումով, մասնաւորապէս՝ առեւտրատնտեսական բնագաւառի եւ ընդհանուր կենցաղի տեսակէտէ։

Վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Դաւիթ Կիւրճինեան կոչ ուղղեց՝ չայցելել այն սրճարանները, ուր ճաշացուցակը միայն օտարալեզու է։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021