ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԴՌՆՓԱԿ ՆԻՍՏԸ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ դռնփակ նիստ մը տեղի ունեցաւ՝ երկրի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը այս շրջանին հետզհետէ կ՚աճի՝ խլելով նաեւ զոհեր։ 12 մայիս 2021 թուականին Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները սահմանի զանազան հատուածներէն խախտումներ ընելով ներթափանցած էին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը։ Անցնող երկար ժամանակաշրջանին անոնք կը շարունակեն մնալ Հայաստանի տարածքէն ներս, մինչ այս խնդրին դրսեւորումները հետզհետէ կը լրջանան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Հայաստանի խորհրդարանը այսօր դռնփակ նիստով մը կը քննարկէ կացութիւնը։ Երէկ, խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկ ներկայացուց՝ որպէսզի Ազգային ժողովը քննարկէ սահմանին վրայ պատահած վերջին իրադարձութիւնները։ Ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, որ նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է, այս առաջարկը օրակարգի վրայ բերաւ։ Իսկ աւելի վերջ, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեան հանդիպում մը ունեցաւ Սէյրան Օհանեանի հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայկ Կոնճորեան տեղեկացուց, որ Սէյրան Օհանեանի հետ համաձայնութեան հասած են՝ խորհրդարանէ ներս քննարկում մը կազմակերպելու համար սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ։ Ազգային ժողովէն ներս ան յայտարարեց. «Պարոն Օհանեանի հետ զրոյց ունեցանք, պայմանաւորուեցանք, որ առաւել նպատակայարմար է քննարկումը կազմակերպել օգոստոսի 18-ին։ Մենք այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատինք։ Վաղը առաւօտեան հանդիպման մանրամասնութիւնները ժամի, հրաւիրուելիք անձերու վերաբերեալ կը փոխանցենք մեր ընդդիմադիր գործընկերներուն։ Կը փորձենք փակ քննարկում կազմակերպել Ազգային ժողովի մէջ»։

Երէկ, այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ սահմանի վրայ լարուածութիւնը շարունակուած է։ Ժամը 14.45-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը զանազան տրամաչափի զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածին վրայ։ Մասնաւորապէս թիրախաւորուած են Սոթքի մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերը։ Բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուած է Հայաստանի բանակէն զինուոր մը։ Վիրաւորեալ զինուորի կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Ժամը 16.30-ի դրութեամբ արդէն կրակոցները կը շարունակուէին։ Հայկական կողմի իրականացուցած հակազդեղ գործողութիւններուն զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի բանակը ունեցած է զոհ մը եւ վիրաւոր մը։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները։ Սահմանի դէպքերուն ակնարկելով՝ նախարարութիւնը ընդգծեց, որ անոնք ակնյայտօրէն նպատակ կը հետապնդեն վտանգել լիցքաթափման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը եւ խաթարել տարածքաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Ընդգծելով վերջին օրերու դէպքերու մանրամասնութիւնները եւ մանաւանդ մարդկային զոհերը՝ նախարարութիւնը յատկանշական համարած է, որ այդ գործողութիւնները կը զուգորդուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի դէմ ուժ կիրառելու վերաբերեալ Պաքուի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հնչած սպառնալիքներուն հետ։ Այդ բոլորը, ըստ նախարարութեան, նպատակաուղղուած են խոչընդոտելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսումը, ինչպէս նաեւ վիժեցնելու տարածքաշրջանային ապաշրջափակման գործընթացը եւ բոլոր հաղորդակցութեան միջոցներու բացումը։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան զուգահեռ բախումները վերջին շրջանին կը շարունակեն տարածուիլ նաեւ դէպի Արցախ։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի խախտման նոր դէպք մը տեղի ունեցած է։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, օգոստոսի 16-ի երեկոյեան Շուշիի շրջանէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ խմբաւորումներու եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն միջեւ փոխադարձ հրաձգութիւն տեղի ունեցած է։ Բախումները տեւած են շուրջ 15 վայրկեան։ Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան աջակցութիւնով դէպքը հարթուած է, տուժածներ չեն եղած։ Ռուսական կողմի հաղորդագրութեան մէջ չէ յստակեցուած, թէ ո՛ր կողմը առաջին անգամ խախտած է հրադադարը։ Քանի մը օր առաջ ալ Արցախի մէջ պատահած էին դէպքեր։ Այդ ժամանակ ռուսական պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ Ատրպէյճան անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած է Արցախի դէմ։ Երէկուան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտիէն ներս հաւանական դէպքերը կանխելու ուղղութեամբ համակարգուած աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւններուն հետ։

Մոսկուայէն հրապարակուած այս պաշտօնական հաղորդագրութեան առընթեր, հայկական աղբիւրներն ալ երէկ Արցախի վերաբերեալ ուրիշ իրադարձութիւններու արձագանգ հանդիսացան։ Այսպէս, Շուշիի շրջանի Եղցահող գիւղին կը վերաբերին հաղորդումները։ Գիւղապետ Արտակ Յակոբեան լրատուամիջոցներուն յայտնած է, թէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինուորները դուրս եկած են Եղցահողէն, ներկայիս գիւղը պաշտպանող չկայ, իսկ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն դիրքաւորուիլ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021