ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱՐԱՆՑԻԿ ՆԵՐՈՒԺԻՆ ՎՐԱՅ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի բեռնափոխադրումներով զբաղող ռուսական ընկերութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տարանցիկ ներուժը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ռուս նախարարը մէկտեղուած է այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ Սերկէյ Լաւրով ըսած է. «Այնտեղ այժմ աշխոյժ աշխատանք կ՚ընթանայ ենթակառուցուածքներու, ցամաքուղիներու վերականգնման ուղղութեամբ։ Ուստի, կը խնդրենք ուշադիր ըլլալ այդ հեռանկարային տարածքին նկատմամբ։ Ըստ իս, ան կ՚ունենայ ակնյայտ տնտեսական օգուտ։ Կարեւոր է, որ մեր անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող այս հատուածի տնտեսական զարգացումը ընթանայ Ռուսաստանի աշխոյժ մասնակցութեամբ»։

Ռուսաստանի Միջազգային փոխադրողներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ Սերկէյ Լաւրով կարեւորեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման ընթանումը ռուսական կողմի աշխոյժ մասնակցութեամբ։

ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐՍԿԻԶԲ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի կառավարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Երեւանի, Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ վերսկսած են աշխատանքային հանդիպումները՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով։ Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի երկրորդ պատերազմի աւարտին, Հայաստան, Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան որոշած էին աշխատանքային խումբ մը ստեղծել՝ տարածքաշրջանի ապաշրջափակման վերաբերեալ խնդիրներու քննարկման համար։ Երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած այս աշխատանքային խումբը քանի մը նիստեր իրականացուցած էր, սակայն աւելի վերջ աշխատանքները առած էին դադար մը։ Ներկայիս, Մոսկուայի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ այդ աշխատանքները վերսկսած են։ Երէկ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ հանդիպում մը ունեցած են Մոսկուայի մէջ։ Քննարկուած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Եռակողմանի աշխատանքային խումբը դադրեցուցած էր գործունէութիւնը ամիսներ առաջ, երբ Ատրպէյճանի զօրքերը մի քանի քիլօմեթր առաջ եկած էին Հայաստանի հետ սահմանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի հատուածներէն ներս։ Մհեր Գրիգորեան այդ ժամանակ յայտարարած էր, թէ ստեղծուած իրավիճակը նպաստաւոր չէ բանակցութիւններու շարունակման համար։ Անցեալ շաբաթ, սակայն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնած էր, որ բանակցութիւններու վերսկսիլը անհրաժեշտ է։ «Կը կարծեմ՝ պէտք է օր առաջ վերսկսինք աշխատանքները փոխ-վարչապետներու եռակողմանի ձեւաչափին մէջ եւ ըլլանք առաւել աշխոյժ ու նախաձեռնող տարածքաշրջանէ ներս նոր հաղորդակցութեան եւ տնտեսական հնարաւորութիւններու իրագործման տեսանկիւնէն», ըսած էր Փաշինեան ժողովի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021