ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ

Հայաստանի կառավարութեան անդամները այս առաւօտեան հերթական ժողովի սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահեցին՝ Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած ահաւոր պայթումի զոհերուն համար։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ հրապարակեց ցաւակցական մը։ Վարչապետ Փաշինեան դէպքին անդրադառնալով յայտնեց, որ տեսագրութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, թէ ահաբեկչական որեւէ գործողութեան տրամաբանութիւնը կը բացառուի։ «Որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ծուխ կայ, փախող մարդիկ կան։ Այս բոլորէն վերջ տեղի ունեցած է պայթումը», ըսաւ ան։

Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ «Սուրմալու»ի հիմնական շէնքի յարակից տարածքը այժմ ամբողջութեամբ մաքրուած է եւ ներկայիս աշխատանքները կեդրոնացած են բուն պայթումի հատուածէն ներս։ Նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ աւելի քան 900 փրկարար աշխատած է դէպքի վայրին մէջ։ 

Հայաստանի քննչական կոմիտէի բանբեր Վարդան Մատթէոսեանն ալ երէկ տեղեկացուց, որ պայթումէն վերջ սկսած հարցաքննութեան ծիրէն ներս աւելի քան 50 հոգի հարցաքննուած է՝ ներառեալ տաղաւարի սեփականատէրեր կամ տուժածներ։ Սեփականատէրը տակաւին չէ հարցաքննուած։ Բանբերը տեղեկացուց, որ ցայսօր այս գործով մեղադրեալ մը չկայ։

Իր կարգին, քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քարամեանն ալ յայտնեց, որ որեւէ փաստ գոյութիւն չունի, վկայելու համար, թէ ահաբեկչութիւն կամ դիտաւորեալ յանցակազմ մը խնդրոյ առարկայ է։ Առկայ ապացոյցները առաջին հերթին կը յստակացնեն, որ անզգուշութեան հետեւանքով տեղի ունեցած յանցագործութիւն մըն է պատահածը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022