ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԹՐԱՄՓ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենալ Նիւ Եորքի մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին Նիւ Եորք պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։ Սեպտեմբերի 24-ին ան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Էրտողան պիտի մասնակցի նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք պաշտօնական ընդունելութիւններուն։

Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Նիւ Եորքի մէջ Էրտողան եւ Թրամփ պիտի քննարկեն Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա յամառօրէն կը հետապնդէ Եփրատի արեւելքին, Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակը։ Անգարա համագործակցութեան եզրեր կ՚որոնէ Ուաշինկթընի հետ այս ճանապարհին։ Թէեւ որոշ գործնական քայլեր կ՚առնուին Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի կողմէ, սակայն ներկայ պահուն անոնք հեռու են իրարու ակնկալութիւնները հարիւր տոկոսով բաւարարելէ։ Այս իրավիճակին մէջ Էրտողան վերջին օրերուն յայտարարած էր, որ եթէ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին կարելի չըլլայ հասնիլ արդիւնքի մը, ապա Թուրքիա կեանքի պիտի կոչէ իր ծրագիրը։ Այս զգուշացումը լայն արձագանգ գտած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նոյն գործօնին զուգահեռ ձեւով մը ստեղծուած է Էրտողանի եւ Թրամփի հանդիպման ենթագետինը։ Սա պիտի ըլլայ իսկապէս նուրբ տեսակցութիւն մը, որովհետեւ երկու նախագահները պիտի քննարկեն Սուրիոյ իրադրութիւնը, պիտի անդրադառնան անվտանգ գօտիի ստեղծման, Եփրատի արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին։

Նախագահներու ժամադրութեան ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան նաեւ «Ս-400» եւ «Ֆ-35»երով պայմանաւորուած լարուածութիւնները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019