ՖՈՒԱԹ ՕՔԹԱՅ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔ ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ տնտեսական յանձնաժողովի 8-րդ նիստին։ Ֆուաթ Օքթայ Պաքուի մէջ մամուլին կատարած յայտարարութիւններուն ժամանակ մեկնաբանեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած վերջին յայտարարութիւնները եւ անոնց դէմ ցոյց տուաւ բողոք։ Ֆուաթ Օքթայ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ընկալուած են զարմանքով։

«Կ՚ուզենք ընդգծել, որ նման ամբոխավարական արտայայտութիւնները ակնյայտօրէն չեն նպաստեր բանակցութիւններուն եւ միջազգային հանրութիւնն ալ պէտք չէ լռութիւն պահէ այս ուղղութեամբ», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։

Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ անցեալ ամիս ունեցած ելոյթին ժամանակ ըսած էր հետեւեալը. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019