ՄՍԽՈՒՄԸ՝ ՎԱՏ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆ

Շռայլօրէն դրամ վատնելը վատ սովորութիւն մըն է։ Մէկը որքան քիչ գնում ընէ, այնքան հասուն է։ Մէկը որքան քիչ աղբ թափէ, այնքան հասուն է։ Մէկու մը իր աշխատուժով ստեղծած որեւէ բան՝ շատ արժէքաւոր է։ Ամէն մարդ պէտք է յարգալիր ըլլայ՝ իր վրան ապրած մոլորակին նկատմամբ։ Յայտնի կը դառնայ, թէ մարդիկ ամէն օր մի քիչ եւս կ՚աղքատանան։ Ուրեմն, մարդիկ պէտք է մէկզմէկու օժանդակեն, ոչ թէ իրենց ստացուածքը շռայլօրէն ծախսեն։ Այս սկզբունքներով պէտք է շարժին աշխարհի բոլոր երկիրները։ Եւ այսպէս…

Չինացի միլիառատէրին արգիլած են ճոխութեան մէջ ապրիլ։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ դատարանը արգիլած է HNA Group-ի նախագահ չինացի միլիառատէր Չէն Ֆենիւի իր դրամները ճոխութեան վրայ վատնել՝ ընկերութեան պարտքերու պատճառով։ Այժմ ձեռնարկատէրը չի կրնար իրեր գնել, որոնք պարտադիր չեն ամենօրեայ կեանքին եւ աշխատանքին մէջ: Գործարարը, մասնաւորապէս, չի կրնար ինքնաթիռներով թռիլ եւ օգտուիլ գերճեպընթացիկ գնացքներէ։ Անոր նաեւ արգիլած են ձեռք բերել անշարժ գոյք, սուղ վերանորոգում կատարել, իջեւանիլ շքեղ պանդոկներու մէջ, այցելել ակումբներ եւ բարձրաշխարհիկ գրասենեակներ վարձել։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020