ԴԷՊԻ ՅՍՏԱԿՈՒԹԻ՞ՒՆ

Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ մտահոգիչ լարուածութիւնը կը շարունակուի, երէկ, դէպք մը պատահեցաւ նաեւ Արցախի սահմանին վրայ։ Այսպէս, Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արցախի արեւմտեան հատուածէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուած է Պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը։ Դէպքը պատահած է ժամը 12.30-ի սահմաններուն։ Վիրաւորեալ զինուորն է Վրոյր Շահրամանեան։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դէպքին առընչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւնը տրամադրած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան։

Միւս կողմէ, Սիւնիքի մարզէն ներս, Գորիս-Կապան մայրուղիի որոշ հատուածներու Ատրպէյճանի կողմէ հակակշռումը եւ այս հանգամանքով պայմանաւորուած խնդիրները կը շարունակեն հրատապ ձեւով զբաղեցնել օրակարգը։ Երեւանեան կարգ մը թերթեր այսօր կը հաղորդեն, որ այս հարցին շուրջ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս նախատեսուած փակ քննարկումը այդպէս ալ տեղի չէ ունեցած։ Նոյնպէս մամուլի հրապարակումներուն մէջ կը պնդուի, որ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ յառաջիկային նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագրի մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը պիտի սկսի՝ առանց Արցախի կարգավիճակի յստակեցման։ Տեւական բանակցութիւններէ վերջ այս բոլորին շուրջ փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է։ Անորոշ ժամանակով երկարաձգուած է ռուսական կողմի ներկայութիւնը։ Խորհրդային Միու-թեան ժամանակաշրջանի քարտէսներու հիման վրայ շարունակուած է աշխատանքը։ Սիւնիքի մարզով անցնելիք տարանցիկ մայրուղիին վերահսկողութիւնը Ռուսաստանի եւ Հայաստանի սահմանապահներուն կողմէ պիտի կատարուի։ Պիտի գործեն անցակէտեր եւ Ատըր-պէյճանի բեռնատարները եւ ինքնաշարժները պիտի վճարեն ճանապարհէն օգտուելու համար։ Գորիս-Կապան ճանապարհի հարցին շուրջ լուծում մը գտնել կարելի չէ եղած։ Ռուսական կողմը խոստացած է գանձատրել կառուցումը Տաթեւ-Կապան ճանապարհի, որ այդ մէկը կը շրջանցէ։ Ի լրումն այս բոլորին ընդդիմադիր լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները կանգնեցուցած են հայկական մինիպիւս մը։ Ըստ Գորիսի փոխ-քաղաքապետի հաղորդումներուն, նոյնիսկ երեխաները իջեցուած են փոխադրամիջոցէն։

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ երէկ հաղորդեց, որ բոլոր ճանապարհները պէտք է լիարժէք օգտագործուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը խտացեալ աշխատանք կը տանի՝ մէկ կողմէ Գորիս-Կապան մայրուղիի վերաբերեալ խնդիրները լուծելու, իսկ միւս կողմէ ալ Տաթեւով անցնող շրջանցիկ ճանապարհը բարեկարգելու, այլընտրանքային լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ։

Մհեր Գրիգորեան Հայաստանի կողմէ կը գլխաւորէ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու աշխատանքային յանձնաժողովը՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով։ Այդ խումբը յետպատերազմեան պայմաններու մէջ ստեղծուած է՝ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրները քննարկելու առաջադրութեամբ։ Մհեր Գրիգորեան յոյս յայտնեց, թէ վերոյիշեալ ջանքերու արդիւնքով ի վերջոյ լուծումներ կը գտնուին։ «Եթէ այլընտրանքային ենթակառուցուածքային լուծում մը տանք, ի հարկէ, սա շատ լաւ կ՚ըլլայ, որովհետեւ իրավիճակը կը հաւասարակշռէ», ըսաւ ան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։ Արդարեւ, Սիւնիքի ճանապարհներու ենթակառուցուածքային լուծումը կ՚ենթադրէ անվտանգութեան եւ այլ բնոյթով ռիսքերու մեղմացում, ինչպէս նաեւ թեքնիք լուծումներ, որոնք աւելի ապահով կը դարձնեն երթեւեկութիւնը՝ մինչեւ մնացեալ բոլոր խնդիրներու վերջնական լուծումը։ «Բոլոր ճանապարհները պէտք է ըլլան ու պէտք է լիարժէք գործեն։ Սա է մեր ցանկութիւնն ու նպատակը», յայտնեց փոխ-վարչապետը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մհեր Գրիգորեան անդրադարձաւ նաեւ ապաշրջափակման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներու ընթացքին։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան ապաշրջափակման գործընթացէն ներս երկաթուղիներու վերագործարկման մասին հաւանական լուծումները աւելի տեսանելի են՝ ցամաքուղիներու բաղդատմամբ։ Եռակողմանի աշխատանքային խումբի վերջին հանդիպումը շուրջ ամիս մը առաջ տեղի ունեցած է։ Փոխ-վարչապետի խօսքով՝ ապաշրջափակման օրակարգի հասունացման համար անհրաժեշտ են մասնագիտական աշխատանքներ։ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնը կը նախատեսէ տարածքաշրջանէ ներս ամբողջական ապաշրջափակում, ու ոչ թէ մասնակի ուղղութիւններ։

«Կը կարծեմ՝ լաւագոյն լուծումն է բոլոր ուղղութիւններու բացումը։ Բայց սա պէտք է իրականացուի մեր սահմանային, մաքսային, առողջապահական եւ այլ հսկման գործառոյթներու իրականացման պարագային եւ կարգաւորուի առաւելագոյնս ԱՊՀ երկիրներու իրաւական դաշտի կանոններով», ընդգծեց փոխ-վարչապետը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021