ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԼԸ ՏՐԻԱՆԻ ԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Զրուցակից նախարարները այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կապակցութեամբ։ Անոնք վերահաստատեցին իրենց շահագրգռութիւնը՝ բազմաոլորտ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ։ Համաձայնութիւն գոյացաւ յառաջիկային աւելի հանգամանալից քննարկելու համար տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման հեռանկարները՝ ներառեալ Հայաստանէ ներս զարգացման նոր ծրագրերու կեանքի կոչման միջոցաւ։

Միրզոյեան եւ Լը Տրիան անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ կարեւորելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ Միրզոյեանի, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Ֆրանսայի կառավարութեան ու խորհրդարանի դիրքորոշումն ու քայլերը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ու անոր յաջորդած շրջանին։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան առանձնայատուկ կարեւորեց Ատրպէյճանէ ներս ի պահ դրուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ վերադարձը։

Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ոտնձգտութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Կողմերը ընդգծեցին կացութեան լիցքաթափման եւ կայունութեան ուղղեալ ջանքերու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի կողմէ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի գծով Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուած շարունակական աջակցութեան համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021