ՆՈՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Շամոնիի մէջ, Ֆրանսա, մասնակցեցաւ տարեկան «Մտքերու գագաթաժողով»ին (Summit of Minds)։ Բացման հաւաքոյթի ընթացքին Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ՝ որպէս գլխաւոր բանախօս։ Այս գագաթաժողովը իւրօրինակ հարթակ մըն է նոր գաղափարներու, նոր նախագիծերու փոխանակման համար։ Աշխարհի զանազան երկիրներէ շուրջ հարիւր ներկայացուցիչ Շամոնիի մէջ բազմակողմանի քննարկում ծաւալեց արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն ու խնդիրներուն շուրջ, այս համատեսքէն ներս՝ համարձակութեան ու խիզախութեան մասին իրենց զանազան դրսեւորումներով։ Հարկ է նշել, որ 22-23 հոկտեմբերին ալ, Դիլիջանի մէջ, Հայաստան, նախատեսուած է «Մտքերու հայկական երկրորդ գագաթաժողով»ը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գագաթաժողովի բացման նախորդած երեկոյեան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մէկտեղուեցաւ շուրջ երկու տասնեակ մասնակիցներու հետ, որոնց շարքին էին միջազգային յայտնի ընկերութիւններու, հիմնադրամներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Սա բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր՝ ներկայացնելու համար Հայաստանի տնտեսական ներուժը, ներդրումային հնարաւորութիւնները, զարգացման լուրջ կարողութիւններով ոլորտները եւ համագործակցութեան տեսակէտէ հետաքրքրական ուղղութիւնները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021