«ՀԱԼԷՊԸ ՊԱՀԵԼ ՉԻ ՆՇԱՆԱԿԵՐ՝ ԱՐԳԻԼԵԼ ՀԵՌԱՆԱԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ»

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ օր չ՚անց­նիր, որ նոր ող­բեր­գու­թիւն մը չպա­տա­հի Հա­լէ­պի մէջ։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ այս ե­րե­ւոյ­թը ա­մէն օր նոր ու ջլա­տիչ ող­բեր­գու­թեան մը ծնունդ կու տայ նաեւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, վեր­ջին օ­րե­րուն հեր­թա­կան հրթի­ռա­կո­ծում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Հա­լէ­պի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ։ Այդ հրթիռ­նե­րուն թի­րա­խը դար­ձան մա­նա­ւանդ՝ Սու­լայ­մա­նի­յէ, Թե­լե­ֆոն Հաուա­յի, Թի­լալ եւ Մու­շի­յէ: Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քէն ներս նա­խա­տե­սուած հա­ւաք­ներն ալ, ո­րոնք տե­ղի պի­տի ու­նե­նա­յին «Կիւլ­պէն­կեան» վար­ժա­րա­նի բա­կին մէջ, ջնջուած են ա­պա­հո­վու­թեան պատ­ճառ­նե­րով։ Քա­ղա­քի զա­նա­զան հա­տուած­նե­րուն են­թար­կուած հրթի­ռա­րձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը եւս յայտ­նուած են ան­դա­մա­լու­ծուած վի­ճա­կի մը մէջ:

Միւս կող­մէ, հա­լէ­պա­հայ գոր­ծիչ Ռո­պէրթ Սիւ­լա­հեան վե­րո­յի­շեալ կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ը­սաւ։ «Հա­լէ­պը պէտք է պա­հենք ը­սել չի նշա­նա­կեր՝ ար­գի­լել հե­ռա­նալ փա­փա­քող­նե­րը»։ Այս­պէս, հա­լէ­պա­հայ բժիշկ եւ հաս­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ռո­պէրթ Սիւ­լա­հեա­նի կար­ծի­քով՝ սխալ է Հա­լէ­պի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը քննա­դա­տե­լ: «Մենք դէմ ենք՝ հա­լէ­պա­հայ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը քար­կո­ծե­լու: Ա­նոնք, որ չփա­խան եւ Հա­լէպ մնա­ցին, որ­պէս­զի կա­րե­նան ժո­ղո­վուր­դին օգ­տա­կար դառ­նալ: Այդ մար­դի­կը քննա­դա­տե­լը ա­նի­մաստ է: Քիչ կամ շատ բո­լորն ալ բա­ներ մը ը­րին: Մենք փա­խանք, դուրս ե­լանք, ի­րենք մնա­ցին: Ա­նոնք ա­ւե­լի ար­ժա­նի են գո­վա­բա­նու­թեան, քան՝ քար­կոծ­մա­ն», հա­մո­զուած է ան:

Հա­լէ­պա­հայ գոր­ծի­չը խօ­սե­լով այ­սօր Հա­լէ­պէն հե­ռա­նա­լու կամ մնա­լու նիւ­թին մա­սին՝ նշեց. «Ա­մէն մարդ ա­զատ է իր կար­ծի­քը ար­տա­յայ­տե­լու: Ըստ մէ­կուն «պէտք է հա­յե­րը դուրս ել­լե­ն», միւ­սը կ՚ը­սէ. «պայ­ման չէ բո­լո­րը դուրս ել­լե­ն», ու­րիշ մը՝ «կէ­սը թող ել­լէ, կէ­սը թող մնա­յ»: Ա­մէն մէ­կը կար­ծի­քը կու յայտ­նէ, բայց ոչ ոք ի­րա­ւունք ու­նի ը­սե­լու, որ այ­սին­չը հոն մնաց, քա­նի որ հոն դրամ կը շա­հի պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կէն օգ­տուե­լով: Այդ­պէս բան չկայ: Ո՛չ ալ, թող քար­կո­ծեն ղե­կա­վար­նե­րը եւ մե­ղադ­րե­լով զա­նոնք ը­սեն, թէ ղե­կա­վար­ներն են յան­ցա­ւո­րը, որ հա­լէ­պա­հա­յե­րը դուրս չբե­րի­ն»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով սփիւռ­քի պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար Հա­լէ­պի ու­նե­ցած մե­ծա­գոյն դե­րա­կա­տա­րու­թեան՝ ան նշեց. «Ե­թէ մեր սփիւռ­քի պատ­մու­թեան նա­յինք, Ա­րե­ւել­քէն մին­չեւ Ա­րեւ­մուտք, ո­վքե՞ր ե­ղած են խմբա­գիր­նե­րը, մեծ մա­սամբ ան­շուշտ, ո­րո՞նք ե­ղած են դպրոց­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րը, հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը, կը կրկնեմ մեծ մա­սամբ, ամ­բողջ սփիւռ­քի տա­րած­քին տնօ­րէն­նե­րը, միու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը ուր­կէ՞ էին: Պա­տաս­խա­նը բնա­կա­նա­բար Հա­լէ­պէն: Միշտ Հա­լէպն է, որ տուած է այդ ա­ւի­շը եւ ե­ղած է այդ ա­րիւ­նը փո­խան­ցո­ղը, այդ ա­րեան կան­չը փո­խան­ցո­ղը: Ե­թէ սփիւռ­քի միւս գա­ղութ­նե­րը քիչ կ՚ապ­րէին ու այ­սօր ալ կ­­՚ապ­րին, պատ­ճա­ռը հա­լէ­պա­հա­յե­րուն հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն է: Ու­րեմն Հա­լէ­պը պէտք չէ քան­դուի, Հա­լէ­պը պէտք է շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, պէտք է վե­րապ­րի: Ես հա­մա­ձայն չեմ այն ար­տա­յայ­տու­թեան, թէ՝ «Հա­լէ­պը վեր­ջա­ցա­ւ»: Հա­լէ­պը չվեր­ջա­ցաւ, ո՛չ ալ կը վեր­ջա­նայ: Մայր գա­ղու­թը, ա­ռա­ջին գա­ղու­թը, մեր հո­ղե­րու սահ­մա­նա­կից ա­ռա­ջին ա­մե­նա­մեծ գա­ղու­թը, Հա­լէ­պը չի կրնար վեր­ջա­նալ, չի կրնար մեռ­նիլ: Ե­թէ կո­չեր կան Հա­լէ­պը պահ­պա­նե­լու, այդ չի նշա­նա­կեր, որ գա­ցող­նե­րուն կ՚ը­սեն մի՛ եր­թաք: Այդ­պէս բան չկայ: Ե­թէ ո­րոշ ղե­կա­վար­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը դուրս տե­ղա­փո­խած են ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար, իսկ ի­րենք հոն կե­ցած, այդ իսկ փաստ է, որ ի­րենց կեան­քը վտան­գի կ՚են­թար­կեն, ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րէն բաժ­նուած կ՚ապ­րին, պար­զա­պէս, որ­պէս­զի այն­տե­ղի գա­ղու­թին հո­գա­տա­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն, եւ ա­նոնց կա­րիք­նե­րը ա­պա­հո­վեն, կա­րե­լի ե­ղած չա­փո­վ»:

Սիւ­լա­հեան անդ­րա­դառ­նա­լով հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ներ­կայ տագ­նա­պա­լի ի­րադ­րու­թեան եւ շատ մը հա­լէ­պա­հա­յե­րու քա­ղա­քէն հե­ռա­նա­լու վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­կած կո­չե­րուն՝ ը­սաւ. «Պէտք է նկա­տի առ­նենք, որ երբ կ՚ը­սենք՝ «Հա­լէ­պը պէտք է պա­հեն­ք», այդ չի նշա­նա­կեր, թէ պար­տադ­րա­բար մար­դի­կը հոս պի­տի պա­հենք, չի նշա­նա­կեր, որ մար­դոց պի­տի ստի­պենք կամ պի­տի հա­մո­զենք, որ­պէս­զի չեր­թան Հա­լէ­պէն, այլ մնան վտան­գի տակ ե­ւ այլն: Ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին դուրս գալ Հա­լէ­պէն, ի­րենց օգ­տա­կար պէտք է ըլ­լանք, ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է ի­րենց օ­գա­տա­կար ըլ­լայ, մա­նա­ւանդ ա­նոնց, ո­րոնք ե­րա­խա­ներ ու­նին, պէտք է ա­նոնք ա­պա­հով տեղ մը փո­խադ­րուին, ե­թէ այդ­պէս կը փա­փա­քին: Իսկ այն ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնք չեն ու­զեր ել­լել Հա­լէ­պէն, զա­նոնք դուրս հա­նե­լու մա­սին խօ­սիլն իսկ ա­ւե­լորդ է»:

«Ճիշդ է, որ մեր հայ­րե­նի­քը Հա­յաս­տանն է, բայց սու­րիա­հայն ալ հա­րիւր տա­րի­նե­րէ ի վեր կ՚ապ­րի այս հայ­րե­նի­քին մէջ, նոր հայ­րե­նի­քին մէջ, իր մէջ այ­լեւս ար­մա­տա­ցած է Սու­րիոյ հան­դէպ պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, այն­պէս ինչ­պէս լի­բա­նա­նա­հա­յե­րուն մօտ ար­մա­տա­ցած է Լի­բա­նա­նի հան­դէպ պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը: Երբ Լի­բա­նա­նի ղե­կա­վար­նե­րը կ՚ը­սեն. «Մենք ան­կա­րե­լի է Լի­բա­նա­նէն ել­լենք, իբր քա­ղա­քա­ցի­ներ՝ մեր ի­րա­ւունք­նե­րը ու­նինք , մենք նա­խա­րար ու ե­րես­փո­խան ու­նին­ք», սու­րիա­հա­յե­րը ի՞նչ բա­նով կը տար­բե­րին ա­նոնց­մէ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, Հա­լէ­պը քիչ մըն ալ ա­ւե­լի հին է, որ­պէս գա­ղութ, քան Լի­բա­նա­նի գա­ղու­թը: Ին­չ՞ւ մենք պի­տի քան­դենք Հա­լէ­պը: Որ­պէս գա­ղութ, ծրագ­րով մը քան­դե­լու ի­րա­ւունք չու­նին­ք», բա­ցա­յայ­տեց ներ­կա­յիս Լի­բա­նան ապ­րող Սիւ­լա­հեան:

«Ա­նոնք, ո­րոնք կ՚ու­զեն ել­լել, ա­զատ են, շատ պարզ է: Ընդ­հա­կա­ռա­կը պէտք է ա­նոնց օգ­տա­կար ըլ­լալ ա­մէն ձե­ւով, ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նէն, ըլ­լայ նախ­կին սու­րիա­հա­յե­րէն, ըլ­լայ հայ մե­ծա­հա­րուստ­նե­րէն, թէեւ շատ մեծ յոյս չու­նիմ Հա­յաս­տա­նի հա­րուստ ա­ւագ­նե­րէն, բայց ան­շուշտ օգ­տա­կար դար­ձող­ներ կա­ն», եզ­րա­փա­կեց ան:

ՄԱՀ ՄԸ ԵՒՍ

Միւս կող­մէ, ե­րէկ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Հա­լէ­պի մէջ հայ մը եւս մա­հա­ցած է։ 35-ա­մեայ Յա­րութ Ա­ւա­գեան, որ նա­խա­պէս վի­րա­ւո­րուած էր ծանրօէն, ե­րէկ կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն։ Բաց աստի, Յա­րութ Աւագեանի մայրն ալ չորս ամիս առաջ զոհուած էր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016