ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով։ Երէկ, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի, Վրաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վլատիմիր Չաչիպայայի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հանդիպումը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երեք երկիրներու միջեւ ռազմական համագործակցութեան հեռանկարները, տարածքաշրջանային անվտանգութեան, տարածքաշրջանէ ներս իրականացուած տնտեսական նախագծերու համատեղ պահպանման վերաբերեալ հարցեր։ Ժողովականներու ուշադրութեան կեդրոնին գտնուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը, Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, Թուրքիոյ եւ աշխարհի գործընթացները։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ժողովականները փաստաթուղթ մըն ալ ստորագրեցին այս երեք երկիրներու զինեալ ուժերու համագործակցութիւնը խորացնելու նպատակով։ Թիֆլիզի հանդիպման աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ տարածքաշրջանի հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017