ՄԱՀ՝ ԼԵՒՈՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ

Այսօր առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց ռուսահայ յայտնի բարերար ու գործարար Լեւոն Հայրապետեան, որ 1949 թուականին ծնած էր Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկարատեւ տառապալից հիւանդութեան պայմաններուն մէջ ան փափաք յայտնած էր, որպէսզի զինքը թաղեն Մոսկուայի մէջ՝ ծնողներու կողքին։

Լեւոն Հայրապետեան գործարար աշխարհէ ներս արձանագրած էր մեծ վերելք, սակայն վերջին տարիներուն իրեն դէմ առաջադրուած էին խարդախութեան մեղադրանքներ, որոնց հետեւանքով ձերբակալուած էր։ Ան երբեք չէր ընդունած իրեն հասցէագրուած ամբաստանութիւնները, իրաւական պայքար կը մղէր անոնց դէմ՝ ծայր աստիճան փխրուն առողջութեամբ։

Լեւոն Հայրապետեան աւարտած էր Մոսկուայի Պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինը։ Որպէս լրագրող աշխատած էր ռուսական շարք մը թերթերու եւ ամսագրերու։ Հիմնադիրն էր «Սովրեմեննիք» հրատարակչատան։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր Արցախի շինութեան գործին եւ կը համարուէր անոր գլխաւոր հովանաւորներէն մին։ Կը դասուէր ամենախոշոր ներդրողը Արցախի արդի պատմութեան մէջ։ Ան ծրագրեր կեանքի կոչած էր Ստեփանակերտի եւ իր ծնած Վանք գիւղին մէջ։ 2000-2002 թուականներուն իր նուիրատուութիւններով վերականգնուած էր՝ 13-րդ դարէ մնացած հայկական հռչակաւոր Գանձասարի վանական համալիրը։ Այս վերջինը ներկայիս կը համարուի Արցախի ամենաբարեկարգ սրբավայրերէն մին։ Զգալի միջոցներ ներդրած էր նաեւ Վանք գիւղի վանական համալիրի շրջակայքին տեղակայուած ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ։

2008 թուականին, Շուշիի եւ պատմական Գանձասարի մէջ Լեւոն Հայրապետեան կազմակերպած էր նորապսակներու համատեղ պսակադրութեան մեծ արարողութիւն մը։ Այդ արարողութիւնը, որ 700 երիտասարդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ, իր տեսակին մէջ առաջինն էր ոչ միայն Արցախէ, այլեւ ամբողջ Հայաստանէ ներս։ Մեծ հարսանիքի օրը 200 զոյգ պսակադրուած էր Գանձասարի վանքին մէջ։ Քանի մը ժամ անց եւս 500 զոյգ պսակադրուած էր Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017