ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային գետնի վրայ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս ողջունեց երկու ղեկավարներուն հանդիպումը եւ կոչ ուղղեց՝ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիկ յայտնեց, թէ Անթոնիօ Կութերէս ոգեւորուած է, որ նախագահները համաձայնած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու նպատակով միջոցներ ձեռք առնելու եւ շփման գծի լարուածութիւնը թուլացնելու համար յաւելեալ քայլեր կատարելու շուրջ։ Անթոնիօ Կութերէս յայտնեց, որ ՄԱԿ կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն։ Ընդհանուր քարտուղարը հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի հիմնուին այս գագաթաժողովի խթանին վրայ եւ բանակցութիւններու միջոցաւ հասնին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը՝ Աւստրիան ալ արձագանգեց Ժընեւի գագաթաժողովին։ Այսպէս, ԵԱՀԿ-ի Աւստրիոյ նախագահութիւնը յստակ քայլեր կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ։ Ըստ աւստրիական նախագահութեան, բոլոր նախաձեռնութիւններու կեդրոնին պէտք է ըլլայ խաղաղութեան նախապատրաստումը։ Աւստրիական նախագահութիւնը ուշադրութեամբ հետեւած է Ժընեւի Սարգսեան-Ալիեւ գագաթաժողովին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

«Մենք ուրախ ենք տեսնելով նոր ազդակներ եւ նախագահներու յանձնառութիւն՝ քայլերու ձեռնարկելու բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու եւ յաւելեալ քայլեր իրականացնելու ուղղութեամբ, որպէսզի լարուածութիւնը նուազեցուի շփման գծին վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը կը յուսայ, թէ նորոգեալ ներգրաւուածութիւնը կ՚արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման յստակ քայլերուն մէջ։ «Խաղաղութիւն նախապատրաստելը պէտք է ըլլայ բոլոր նախաձեռնութիւններու կեդրոնին», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ ընդգծուած՝ խաղաղութեան ջանքեր յառաջ մղելու պատրաստակամութեան կարեւորութիւնը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Միւս կողմէ, Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Պապայեան ըսաւ հետեւեալը. «Սա, փաստօրէն, ամենաբարձր մակարդակն է, որ թոյլ կու տայ քննարկել ամենաբարդ հարցերը, որոշումներ առնել, պահպանել այն բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք կը բերուին։ Ընդհանրապէս, ըստ աւանդութեան, երկու խոշոր խումբ հարցեր կը քննարկուին այս հանդիպումներու ժամանակ։ Առաջինը՝ ընդհանուր կարգաւորման վերաբերեալ խնդիրներն են՝ խաղաղ կարգաւորում, կայունութիւն եւ խաղաղութեան պահպանում, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափի պահպանում։ Երկրորդը՝ աւելի յստակ խնդիրներն են։ Անոնք Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններն են եւ այստեղ համապատասխան քայլերու իրականացումը։ Ի հարկէ, Պաքու, ըստ ամենայնի, կը խոչընդոտէ այդ գործընթացը, բայց այս բոլորը այն հարցերն են, որոնք պէտք է ըլլան օրակարգի վրայ»։

Դաւիթ Պապայեան կարեւորեց, որ նման հանդիպումներու ներգրաւուած են գերտէրութիւնները՝ տուեալ պարագային եռանախագահ երկիրները, որոնք ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներու շարքին կը գտնուին։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի դիրքորոշման հաւանական փոփոխութեան՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ այս բանին համար պէտք է շատ երկար ժամանակ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017