ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Դ. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Հայկական 4-րդ համաժողովին։ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է նաեւ Նալպանտեանի տեսակցութիւնը՝ Եւրոյանձնաժողովի գաղթի ներքին գործոց եւ քաղաքացիական հարցերով յանձնակատար Տիմիթրիս Աւրամափուլոսի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017