«ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾԵՆ ԱՆԽԱՓԱՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հադիպում մը՝ քննարկելով երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան կ՚երթայ դէպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ դեկտեմբերին։ Սահմանադրութեան ծիրին մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճանապարհը բանալու առաջադրութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայիս ներկայացուցած է հրաժարական։ Թէեւ պաշտօնակատարի կարգավիճակով վարչապետն ու բոլոր նախարարները կը մնան պաշտօնի գլուխ։ Յամենայնդէպս, սա միջանկեալ ժամանակա-շըրջան մըն է։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ յայտնեց, որ այս անցումային փուլին թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ բոլոր պետական մարմինները պէտք է անխափան գործեն։

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի համար կարգախօս կամ ձեւ  մը չէ։ «Ժողովրդավարութիւնը մեր քաղաքական հաւատամքն է», ըսաւ Նախագահը եւ վարչապետը կարծիքներ փոխանակեցին ընտրութիւններու կազմակերպման հարցին շուրջ եւ ընդգծեցին ընտրական գործընթացի կարեւորութիւնը՝ որպէս ժողովրդավարութեան զարգացման առանցքային դրութիւններէն մին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018