ՀԱՆՃԱՐ ԱԿԱՆԱՏԵՍԸ

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր երէկ երեկոյեան աչքերը փակեց կեանքին 90 տարեկան հասակին։ Ոչ եւս է «Դարու լուսանկարիչը» կոչման արժանացած «Իսթանպուլի աչք»ը համարուող կենդանի առասպելը, որ պարգեւներու եւ մրցանակներու դափնեկիր մը, ախոյեան մըն էր։

Արա Կիւլէր եղած էր իր ապրած ժամանակաշրջանի վաւերագրողը, հանճար ականատեսը։ Մարդկութեան երթի սուր եւ ինքնուրոյն դիտարկող մըն էր ան, անհաւատալի ու վառ դրուագներու որսորդ մը։ Իր մահը անփոխարինելի ու ծանր կորուստ մըն է թէ՛ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ թէ գեղարուեստական կեանքի տեսակէտէ։

Արա Կիւլէր ծնած էր Իսթանպուլի մէջ 1928 թուականին։ Պէյօղլուի բնակիչ եղած էր ողջ կեանքի տեւողութեան։ Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու սան էր։ Շատ կարճ ատեն մը նաեւ յաճախած էր Կալաթասարայի լիսէն։ Բարձրագոյն ուսման շրջանին թատրոնի եւ Իսթանպուլի համալսարանի Տնտեսագիտութեան ֆաքիւլթէէն ներս լրագրութեան վրայ կեդրոնացած էր, սակայն շատ երիտասարդ տարիքէ արդէն նուիրուած էր լրագրութեան ասպարէզին։ Առաջին լուսանկարները հրատարակուած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ եւ ան շուտով աննկարագրելիօրէն մեծ վերելք մը արձանագրած էր լուսանկարչական աշխարհէն ներս։ Միջազգային յառաջատար գրեթէ բոլոր պարբերաթերթերուն կամ հանդէսներուն մէջ լոյս տեսած էին իր լուսանկարները։ Աշխարհի յառաջատար լուսանը-կարչական գործակալութիւններու աշխատակցած էր՝ միշտ արդարացնելով իր վրայ դրուած յոյսերը։ «Master of Leica» կոչումին արժանացած էր եւ նոյնպէս միջազգային գետնի վրայ դասուած էր աշխարհի լաւագոյն եօթ լուսանկարիչներու շարքին։ Արա Կիւլէր լուսանկարչական գործիքով պը-տըտած էր գրեթէ ամբողջ աշխարհը։ Այդ դիտարկումները եւս տարբեր տարողութիւն մը, արժէք մը կու տային իր լուսանկարներուն։ Ծանօթ է, որ ան ունի ահաւոր ստեղծագործական ժառանգութիւն մը, որու հիման վրայ վերջերս ըս-տեղծուեցաւ թանգարան մը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան կեդրոն մը։

Վերջին տարիներուն Արա Կիւլէր դժբախտաբար կ՚ապրէր շատ փխրուն առողջութիւնով մը։ Կանոնաւոր պարբերութեամբ կ՚ենթարկուէր տիալիզի։ Ընթացքին քանի մը անգամ փոխադրուած էր հիւանդանոց յուզում պատճառելով իր սիրելիներուն։ Երէկ երեկոյեան ալ ան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Բոլորին յոյսը եւ սպասումը այն էր, որ դարձեալ պիտի յաղթահարէր հերթական փորձութիւնը, սակայն այս անգամ Արա Կիւլէր չկրցաւ յաղթահարել սրտի տագնապը՝ խոր ցաւ եւ յուզում պատճառելով իր սիրելիներուն եւ համակիրներուն։ Բօթը վայրկեանական արձագանգ գտաւ համայն աշխարհի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ երէկ երեկոյեան անմիջապէս ցաւակցեցաւ ընտանիքին։

Մինչ պոլսահայութիւնը կը սգայ իր այս մեծանուն եւ մեծատաղանդ զաւկի հրաժեշտը՝ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ, կէսօրուան ժամերուն, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018