ՅՍՏԱԿ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն։ Նախագահ Էրտողան դէպի Մոլտաւիա ուղեւորութենէն առաջ, «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեսակցեցաւ ամերիկացի պետական քարտուղարին հետ։ Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։

Էրտողանի եւ Փոմփէոյի հանդիպման օրակարգի հիմնական նիւթն էր՝ Իսթանպուլի մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը մտնելէ վերջ կորըս-տեան մատնուած լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի հարցը։ Մայք Փոմփէօ Անգարա եկած էր Ռիյատէն, ուր այս խնդիրը քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան հետ։ Միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցները այս հարցին շուրջ հետզհետէ կ՚անդրադառնան ցնցիչ վարկածներու, ըստ որոնց հիւպատոսարանէն ներս սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողի մարմինը մասնահատուած էր։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Մայք Փոմփէոյի կողքին էր ԱՄՆ-ի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրին։ 40 վայրկեան տեւեց զրոյցը, որու աւարտին Էրտողան ուղեւորուեցաւ դէպի Մոլտաւիա, իսկ տեսակցութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու փոխանցեց տեղեկութիւններ։ Ըստ նախարարին, Քաշըքճըի դէպքին առընթեր Էրտողան եւ Փոմփէօ քննարկեցին Մենպիչի խնդիրը։ Էրտողան ՖԵԹԷՕ-ի վերաբերեալ զգայնութիւններն ալ կրկնած է այս առթիւ։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ։ Պետական քարտուղար Փոմփէօ Էրտողանի նկատառման յանձնած է նաեւ Տանըլտ Թրամփի պատգամները շարք մը հարցերու շուրջ։

Անգարա եւ Ուաշինկթըն միջոց մը առաջ համաձայնած էին Մենպիչի ահաբեկիչներէ մաքրագործման շուրջ։ Այդ համաձայնութեան ժամկէտներուն տեսակէտէ ներկայիս յառաջացած են յապաղումներ։ Խօսքը կը վերաբերի ԵՓԿ-ՓՔՔ-ականներու Մենպիչէ հեռացման։ Ըստ Չավուշօղլուի, Էրտողան երէկ Փոմփէոյին յայտնած է հետեւալը. «Եթէ դուք դժուարութիւններ ունիք այս պարագային, Թուրքիա ահաբեկիչները այդ շրջանէն կը մաքրագործէ։ Եւ թէ դիւրութեամբ կը մաքրագործենք։ Այս բանը ըրած ենք թէ՛ Աֆրինի, թէ՛ Ճերապլուսի եւ թէ Էլ Պապի մէջ։ Թէ՛ ԻՇԻՊ-ի եւ թէ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի ահաբեկիչները մաքրագործած էինք միւս շըր-ջաններէն։ Մենպիչի մէջ ալ այս բանը դարձեալ շատ դիւրութեամբ կրնանք ընել»։

Ըստ Չավուշօղլուի, յառաջիկայ շրջանին համապատասխան շփումները պիտի շարունակ-ւին։ Բնականաբար, Թուրքիա միայն Մենպիչով չի բաւարար-ւիր։ Ամերիկեան կողմի հետ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի՝ Եփրատի արեւելքի շրջաններէն ներս կայունութեան հաստատման համար։ Սա Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսի շարունակութիւնը կը համարուի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018