ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Երէկ, հոգելոյս քաղաքական գործիչ եւ հրապարակագիր Մարգար Էսաեան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Մարգար Էսաեան, որ ԱՔ կուսակցութեան շարքերէն երեսփոխանի պաշտօն վարած էր, բիւր յարգանքով վերյիշուեցաւ եւ իրեն համար կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչները եղան աղօթակից։

Հանգուցեալ Մարգար Էսաեանի Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմին շուրջ երէկ համախմբուած էին իր ընտանեկան պարագաներն ու կուսակցակից ընկերները։ Ոգեկոչման արարողութեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հանդէս եկաւ ամփոփ խօսքով մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շեշտեց, որ Մարգար Էսաեան իր ծաւալած գործունէութիւնով կամրջած էր հասարակութիւններն ու մշակոյթները։ Հոգեհանգստեան կարգը կատարուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան գաւազանակիրին՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021