ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, որու հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թարապիոյ «Հուպէր» ապարանքի համալիրէն ներս։ Անկելա Մերքել որոշած է արդէն մեծ քաղաքականութենէ հեռանալ եւ թեկնածու չէ հանդիսացած Գերմանիոյ վերջին ընտրութիւններուն։ Այժմ Գերմանիոյ մէջ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի, մինչ Անկելա Մերքել պաշտօնավարութեան եզրափակիչ փուլին հրաժեշտի այցելութիւններ կու տայ աշխարհի զանազան երկիրները։ Այս շրջանակին մէջ ան շաբաթավերջին այցելեց Թուրքիա, ուր արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի։ Նախագահ Էրտողանի հետ աւելի քան ժամ մը զրուցեց գերմանացի շանսէօլիէն, իսկ աւելի վերջ անոնք համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին։ Այս առթիւ Էրտողան ընդգծեց, որ պաշտօնավարութեան 16 տարիներուն ընթացքին Անկելա Մերքելի գործունէութիւնը միշտ եղած է լուծումներու վրայ թիրախաւորուած։ Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ երկու ղեկավարները նկարահանուեցան եւ շինիչ ու դրական պատգամներ տուին Անգարա-Պերլին յարաբերութիւններու ապագային տեսակէտէ։

Անկելա Մերքել յայտարարութիւններուն մէջ արտայայտեց այն համոզումը, թէ գաղթականաց հարցին շուրջ Եւրոմիութիւնը պէտք է շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ։ Իր կարգին, Էրտողանն ալ գաղթականաց տագնապի լուծման ուղղութեամբ Մերքելի կողմէ գործադրուած անկեղծ ջանքերուն համար յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողան-Մերքել զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են թէ՛ երկկողմանի բնոյթով հարցեր եւ թէ այլ խնդիրներ՝ մասնաւորապէս Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։ Թրքական կողմը հերթական անգամ շեշտած է Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացումը, վիզաներու ազատականացումը եւ 18 մարտի համաձայնութեան թարմացման խնդիրը։ Էրտողան նշեց, որ այս նուրբ խնդիրներու վերաբերեալ թրքական կողմի ակնկալութիւնները հերթական անգամ յանձնած է իր բարեկամի նկատառման։ Կարծիքի փոխանակումներու շրջանակին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միջերկրականի հարցերուն, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադրութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021